ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 29ի առաւօտեան, Ասորի եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի համայնքի քորեպիսկոպոս Ճորճ Պէթ Ռաշօ, ընկերակցութեամբ ասորի հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներու, այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հիւրընկալուցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Պօղոս վրդ. Թինքճեան:
Այցելութեան նպատակն էր առաջնորդ սրբազանը պաշտօնապէս հրաւիրել մասնակից ըլլալու միջեկեղեցական արարողութեան, որ պիտի ոգեկոչէ Թուրքիոյ կողմէ ասորի, հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն դէմ 1915ին գործադրուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:
Հիւր ներկայացուցիչները փափաք յայտնեցին, որ առաջնորդ սրբազան հայրը եւս պատգամ մը փոխանցէ միջեկեղեցական այդ արարողութեան ընթացքին:
Հիւրերը առաջնորդարանին նուիրեցին ասորերէն լեզուով Աստուածաշունչ մը, իսկ սրբազան հայրը առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած յուշանուէրներ փոխանցեց հիւրերուն:
Մտերմիկ զրոյցէ մը ետք հիւրերը գոհունակ սրտով մեկնեցան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.