ՄԱՐԻ
ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին մասին լուրերը կը կարդայի: Հետաքրքրական է: Մեր նախարարները, թերեւս առանց անդրադառնալու, երբեմն զաւեշտալի, երբեմն տխուր իրականութիւններ կը փոխանցեն:
Այսօր, օրինակ, ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան յայտնած է, որ «1988թ. երկրաշարժից տուժած մի քանի քաղաքացի հերթագրուել են բնակարան ստանալու համար, սակայն մահացել են նախքան իրենց հերթը հասնելը»:
Խօսքը Շիրակի մարզի 12 քաղաքացիներու մասին է, որոնք «ընդամէնը» 27 տարի սպասած են, որ իրենց կարգը հասնի, բայց աւելի չեն համբերած եւ այս աշխարհին հրաժեշտ տուած են: Իբր թէ անոնց իրաւունքը «առանց որեւէ խոչընդոտի» պիտի փոխանցուի իրենց ժառանգներուն: Ժառանգները քանի՞ տարի պիտի սպասեն, որ հերթը իրենց հասնի. նախարարը այդ մասին չէ խօսած:
Երկրաշարժէն 25 տարի անց (2012ին), Գիւմրին դեռ աւերակ էր: Բարեկարգ տեսք ունէին կեդրոնական հրապարակը եւ հիմնականին մէջ այն թաղամասերը, զորս օտարներ վերականգնած-կառուցած են՝ իտալական թաղամաս, ճափոնական, գերմանական եւ այլն… Հայկականները, մեծ մասով, խեղճուկրակ մնացեր էին:
Ամէն Դեկտեմբերին պետական «այրեր»ը կը յիշեն, որ պէտք է Գիւմրի երթան եւ քանի մը նորոգուած տուն յանձնեն դեռ աղէտի հետեւանքները չթօթափած գիւմրեցիներուն:
27 տարին քիչ չէ… 27 տարի առաջ ծնած մանուկը այսօր երիտասարդութենէն հասուն տարիքի անցնելու շէմին է: 27 տարի առաջ, 27 տարեկան երիտասարդը այսօր միջին տարիքի հասած է:
Չեմ գիտեր՝ քանի՞ ընտանիք տակաւին «ժամանակաւոր» տնակներու մէջ կ՛ապրի: Չեմ գիտեր, թէ քանի՛ն դեռ հերթի կը սպասէ…
Գիտեմ, որ սա ԽԱՐԱՆ Է բոլոր պատասխանատուներու ճակատին: Խարան է ճակատին անոնց, որոնք միլիառներ կը թափեն Երեւանի կեդրոնի Հիւսիսային կոչուող պողոտան այցելուներուն աչքին «խոթելու» եւ խաբկանք ստեղծելու համար:
Ամօթ է՝ ճակատին բոլոր անոնց, որոնք Երեւանի ծաղիկներուն համար 20 միլիոն կը ծախսեն… Երեւանի փողոցները մարզերու քաղաքացիներէն աւելի կարեւոր են, հաւանաբար: Ես չեմ խօսիր քաղաքի եւ երկրի հիմնական կարիքները հոգալու համար անհրաժեշտ ծրագիրներու մասին:
Ի՞նչ է՝ այցելուները քաղաքացիներէն աւելի՞ արժէքաւոր են:
Ինչպէ՞ս կ՛ըլլար, եթէ շքեղ «էլիտար» շէնքերու տէրերը նաեւ պարտաւոր ըլլային իւրաքանչիւր նոր շէնքի համար բնակարան հայթայթելու նաեւ երկրաշարժէն տուժած ընտանիքի մը: Վստահ եմ, որ միլիոնաւոր տոլարներու շահէն շատ բան պիտի չկորսնցնէին:
Եւ… ի՞նչ ըսեմ, մի՛ շտապէք. հանգուցեալ գիւմրեցիներու ժառանգները ողջ են…
Օգոստոս 6, 2015