ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Առաջին անգամ ըլլալով, հայերէն պիտի դասաւանդուի Հարաւային Նեւատայի համալսարանին մէջ։
Այս նպատակով համալսարանին ներկայացուած դոկտ. Վարդուհի Ֆիլհանէսեան-Աշէրեանի ծրագիրը վաւերացուած է արդէն համալսարանին կողմէ, որ պիտի սկսի Նախնական հայերէն դասաւանդելու։
Այս ծրագիրին մանրամասնութիւնները Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ դեսպան Ատրուշան «Էնտի» Արմէնեանին փոխանցելու համար, դոկտ. Վարդուհի Ֆիլհանէսեան-Աշէրեան վերջերս հիւպատոսարան այցելած է, բացատրելով, որ իր ջանքերուն նպաստած է նաեւ համալսարանի Միջազգային լեզուներու բաժանմունքի վարիչ դոկտ. Քեն Ումլանտ։
Դասաւանդութիւնները պիտի սկսին Օգոստոս 24ին ու պիտի շարունակուին ամէն Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 7:30էն 8:50։