ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ուսուցիչ Ռաքսեն Պետրոսեան 2015ի «Տարուան Ուսուցիչ»ը հռչակուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Ճիւնիըր Ըչիւմընթ» կազմակերպութեան կողմէ։
Պետրոսեանին մրցանակը յանձնուած է Յուլիս 30ին, Սենչըրի Սիթիի մէջ կայացած կազմակերպութեան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին։
Ռաքսեն Պետրոսեան ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ընկերային ուսմանց բաժանմունքի պատասխանատուն է, դասաւանդելով բանավէճի ու գործարարութեան նիւթերը։ Ան 22 տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ նշեալ վարժարանին մէջ։