Արուեստի աշխարհը նորութիւն չէ մեզի՝ հայերուս համար: Հակառակ սակաւաթիւ ազգ մը ըլլալնուս, մեր նուաճումները համեմատաբար մեծ եղած են արուեստի աշխարհէն ներս: Շատ մը բնագաւառներու մէջ ունեցած ենք յայտնի դէմքեր, յաճախ համաշխարհային ճանաչումի արժանացած:
Թերեւս ասոր արմատը կարելի է գտնել հայ ընտանիքէն ներս, ուր մեծ տեղ կը գրաւէ արուեստն ու մշակոյթը: Հայ ծնողքը նախանձախնդիր է իր զաւակին ուսման կողքին նաեւ զայն դաստիարակել արուեստի ծիրէն ներս:
Մեր պատմութիւնը, հին ու հարուստ մշակոյթը ինքնին մեզ ներշնչողն են: Թերեւս մեր ժողովուրդին ճակատագիրն ալ մեծ դեր ունեցած է: Յաճախ մեծ ու զօրաւորներուն մէջ գտնուած պզտիկ ժողովուրդ մը եղած ենք, ու ջանացած՝ գոյատեւել: Միշտ փորձած ենք չխառնուիլ, չձուլուիլ ու պահել մեր ինքնուրոյնութիւնը: Յաճախ տեղափոխուած ենք ու հինը պահելով մէկտեղ, փորձած ենք յարմարիլ նոր միջավայրին: Ցաւը ու տառապանքը մեզ զօրացուցած են եւ պայքարելու ընդունակութիւն դրած են մեր մէջ: Մեր դէմ եղած անարդարութիւնները պատճառ դարձած են որ աւելի շատ փորձենք մենք մեզ փաստել: Դարձած ենք հասուն, խորը թափանցող, մակերեսայինէն հեռու: Ժամանակաւորին եւ աժանին տեղ՝ անմահին ու որակաւորին ձգտող:
Եւ այս բոլորը արտացոլուած են հայ արուեստագէտի գործերուն մէջ, ըլլայ ան երաժիշտ, նկարիչ, դերասան կամ բեմադրիչ: Նոյնիսկ այն հայ արուեստագէտները, որոնք գործած են օտար ափերու վրայ եւ իրենց գործերը կրած են տարբեր մշակոյթներու ազդեցութիւնը, յաճախ իրենց գործերուն մէջ շեշտուած է հայկական գիծը: Թերեւս այդ մէկը նկատելի չըլլայ ուրիշներու, բայց մենք անպայման կը զգանք եւ կը տեսնենք անոնց գործերուն հայկականութիւնը:
Հայ արուեստագէտը, որքան ալ կեդրոնացած ըլլայ իր ստեղծագործութիւններուն վրայ, անպայման կ՛ուզէ իր փորձառութիւնը փոխանցել իր ազգակիցներուն ու երիտասարդներուն: Ճիշդ այս նպատակով է, որ Համազգայինի Գանատայի ու ԱՄՆի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Շրջանային վարչութիւնները համագործակցաբար կազմակերպած են դասախօսական շարք մը՝ «Արթլինքս», ուր ելոյթ պիտի ունենան հանրայայտ արուեստագէտներ: Այս արուեստագէտները իրենց սուղ ժամանակը եւ փորձառութիւնը տրամադրած են օգտակար դառնալու եւ ներշնչելու մեր երիտասարդները: Անոնք են՝ մրցանակակակիր գրող եւ դերասան Էրիք Պօղոսեան, որուն վերջին գործերէն է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ լոյս տեսած «Նեմեսիս» գիրքը, համաշխարհային մրցանակներու տիրացած բեմադրիչ Էրիք Նազարեան, որ կ՛աշխատի Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» գիրքը ֆիլմի վերածելու, «Մ. եւ Գ. Թոլոյեան» մրցանակակիր գրող Ալին Օհանեան եւ լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեան, որուն 2012ին նկարած նախագահ Պարաք Օպամային նկարը դարձած է ընկերային ցանցերու պատմութեան մէջ ամէնէն շատ տարածուած լուսանկարը:
Օգտաշատ դասախօսաշարք մը ըլլալէն բացի, Օգոստոս 27-30 շաբաթավերջը նաեւ կը խոստանայ հաճելի ժամանց մը ըլլալ: Հիանալի առիթ է հանդիպիլ այլ երիտասարդներու, որոնք նոյն հետաքրքրութիւնները ունին եւ կրնան փոխադարձաբար իրար օգտակար դառնալ: Իրենց բնագաւառէն ներս բարձր հմտութեան եւ միջազգային համբաւ վայելած մասնագէտներու հետ անձնական ծանօթացում ունենալը իւրաքանչիւր սկսնակ արուեստագէտի երազն է: Այս անձնական ծանօթացումները կրնան ապագայ գործակցութիւններու նախաքայլը հանդիսանալ:
Այս մտերմիկ հաւաքին գեղարուեստական յայտագիրով մասնակցութիւն պիտի բերէ Պոսթընէն «Արեւ» համոյթը: Համոյթը 15 տարուան պատմութիւն ունեցող խումբ մըն է, հիմնուած՝ Պոսթընի մէջ. անոր հիմնադիրը եւ գեղարուեստական ղեկավարն է արուեստագէտ Մարթին Յարութիւնեան: Համոյթը ունի իր ինքնուրոյն դիմագիծը եւ կը ներկայացնէ դասական ու ժողովրդական հայկական երաժշտական գործիքներով հայ երգ ու երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ անոր վրայ կ՛աւելցնէ ժամանակակից տարրեր: Խումբը կը վայելէ Պոսթընի Համազգայինի հովանաւորութիւնը, որ միշտ նախանձախնդիր է հայ մշակոյթի պահպանման:
Եթէ 21էն 30 տարեկան երիտասարդ ես (կամ կը ճանչնաս մէկը) եւ արուեստն ու մշակոյթը քեզ կը հետաքրքրէ, արձանագրուէ այս դասընթացքին՝ այցելելով hamazkayin.com/artlinks կայքէջը: Ծանօթացի՛ր այս արուեստագէտներուն, հանդիպիր քու հետաքրքրութիւնները ունեցող երիտասարդներու հետ, սորվէ, օգտուէ եւ հաճելի ժամանակ անցուր: Աճապարէ՛: Տեղերը սահմանափակ են:
Հաւաքը պիտի կայանայ «Your Own Inn» հաստատութեան մէջ (Jewett, New York): Բոլոր մասնակիցները պիտի գիշերեն այդտեղ, ուր աշխատանոցներու վարիչները պաշտօնական նիստերով, ինչպէս նաեւ մասնակիցներուն հետ անպաշտօն հանդիպումներով, իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնները պիտի փոխանցեն երիտասարդներուն:
Համազգայինի «ArtLinks» Երիտասարդական հաւաքի ընդհանուր վարիչն է ծանօթ մտաւորական Խաչիկ Մուրատեան։
Մասնակցողները պէտք է լրացնեն յատուկ դիմումնագիր եւ վճարեն արձանագրութեան սակ: Մասնակիցներու թիւը սահմանափակ է ու կ՛ընտրուի դիմորդներէն: Մասնակցութեան դիմումնագիրը կարելի է ներբեռնել նշեալ կայքէջէն։ Դիմումնագիրը ուղարկելու պայմանաժամն է Օգոստոս 20ը: Արձանագրութեան սակն է 150 տոլար, որ կը ներառէ երեք գիշերներու կեցութիւն եւ օրական երեք ժում սնունդ: