– Օգոստոս 16ին, Ինտոնեզիոյ մէջ ջախջախուեցաւ 54 ճամբորդներ փոխադրող օդանաւ մը: Երկար փնտռտուքներէ ետք, յայտնաբերուած է ջախջախման վայրը: Ի յայտ եկած է, թէ օդանաւը բախած է լերան մը։
– Օգոստոս 17ին կեդրոնական Պանքոքը ցնցած ուժգին պայթումին հետեւանքով, առնուազն 27 հոգի սպաննուած է:
– Մինչ ամերիկեան համալսարաններու կանանց մարզական խումբերու մարզիչներուն 90 տոկոսը կին էր 1972ին, այդ համեմատութիւնը 43 տոկոսի իջած է ներկայիս։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.