ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց անհանգստութիւն յայտնած է Լէյլա եւ Արիֆ Եունուսներու դէմ դատավճիռին կապակցութեամբ. այս մասին գրած է ատրպէյճանական լրատուական «Քոնթաքթ» կայքը:
«Երկու առաջատար իրաւապաշտպաններուն դէմ դատավճիռը չափազանց անարդար է: Նկատի չէ առնուած նաեւ ամբաստանեալներու առողջական վիճակը: Ես, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովը, կոչ կ՛ընենք ազատ արձակելու բուժման կարիք ունեցող Լէյլա եւ Արիֆ Եունուսները», ըսուած է Շուլցի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Ան նաեւ անդրադարձած է լրագրողներ Ռասիմ Ալիեւի սպանութեան եւ Հատիճա Իսմայիլովայի դատավարութեան՝ զանոնք նկատելով «Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան վրայ իրականացուող անողոք ճնշումներու յաւելեալ օրինակներ»:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 13ին, Լէյլա եւ Արիֆ Եունուսները՝ յաջորդաբար, դատապարտուեցան 8.5 եւ 7 տարուան բանտարկութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.