ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆելըն յայտարարած է, որ իր երկիրը առնուազն մինչեւ Մարտ 2017 պիտի շարունակէ Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարը։ «Մենք «Թորնէյտօ» ռազմական օդանաւերով հարուածները պիտի երկարաձգենք յաւելեալ մէկ տարի՝ մինչեւ Մարտ 2017», նշած է նախարարը, միաժամանակ ան բացառած է բրիտանական ուժերու մասնակցութիւնը Իրաքի մէջ ցամաքային գործողութիւններու: Ըստ անոր՝ Պաղտատ այդպիսի խնդրանք չէ ներկայացուցած Լոնտոնին:
Բրիտանիոյ խորհրդարանը Սեպտեմբեր 2014ին լիազօրած էր Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութեան» վրայ ռմբակոծումները: Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ Միջազգային դաշինքը Իրաքի մէջ այս նպատակով զինուորական գործողութիւններու սկսած էր Օգոստոս 2014ին: