ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի խորհրդականներէն Հիւսէյն Շարիաթմատարի, որ նաեւ իրանեան «Քէյհան» օրաթերթի խմբագիրն է, նշեալ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածով յայտնած է, որ Խամենէի դժգոհ է Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած Իրանի եւ Վեցեակի համաձայնութենէն:
Ան կը գրէ, որ համաձայնագիրին մէջ ներառուած շարք մը կէտեր Իրանի անկախութեան եւ ապահովութեան վտանգ կը ներկայացնեն՝ զգուշացնելով, որ համաձայնութեան գործադրումը Իրանի համար աղէտ մը պիտի ըլլայ։
Խամենէիի այլ խորհրդական մը՝ Ալի Աքպար Վիլայէթի, շեշտած է, որ իր երկիրը Իրան-Վեցեակ համաձայնութենէն ետք աւելի կարող պիտի դառնայ շրջանին մէջ իր բարեկամներուն աջակցելու:
Ան նշած է. «Արեւմուտքի կարգ մը յետադիմական վարչակարգեր, երբ միասնակամ էին՝ ձախողեցան Սուրիոյ մէջ վարչակարգը փոխել։ Հիմա, որ այդ միասնականութիւնը չքացած է, ինչպէ՞ս պիտի կարենան ատիկա իրագործել»: