ՀԱԼԷՊ, «Եռագոյն».- 16 օրուան ջուրի եւ ելեկտրականութեան ամբողջական անջատումէն ետք՝ Հալէպի մէջ աստիճանաբար միանալու սկսած է ելեկտրական հոսանքը, որուն յաջորդած է ջուրը: Վերջերս ջուրը հասանելի է քաղաքի բոլոր շրջաններուն, իսկ ելեկտրականութիւնը կը միանայ օրական քանի մը ժամ: Այս մասին յայտնած է «Գանձասար»ի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:
Անցած քանի մը շաբաթներուն, Հալէպի բնակչութիւնը ապրեցաւ տագնապալի օրեր՝ ջրհորներէն ջուր կրելով եւ ըմպելի ջուր գնելով: Քաղաքի եկեղեցիներէն, մզկիթներէն, հայկական թէ տեղական կեդրոններէ ջրհորներու ջուր մատակարարուեցաւ բնակչութեան: