ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Շաբաթ, Օգոստոս 22ին, Ատրպէյճանի մէջ պիտի սկսին «TurAz Արծիւ 2015» միացեալ զօրավարժութիւնները՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի օդուժերու մասնակցութեամբ. անոնց պիտի մասնակցին աւելի քան 30 ռազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ զօրավարժութիւններուն ընթացքին երկու երկիրներէն պիտի մասնակցին «Mig-29», «F-16», «Su-25», «F-4E», «Mi-35», «Mi-17», «Skorski» եւ «UH-60» տիպի ռազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիւռներ:
Զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ «C-130 Hercules» տեսակի բեռնատար օդանաւեր: Ռազմափորձերը պիտի աւարտին Սեպտեմբեր 18ին:
6 yes ago on a holiday to Turkey.I did notice the vibe of Turkish And Azeri unity and a sence of power that they wish to use.I hope Armenia and its ally are aware of their intentions toward their neighbors.