ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Մեր ժամանակներու կարեւորագոյն երգահաններէն Արթուր Մեսչեանի այնքան մեծ ընդունելութիւն գտած այս երգը անիրաւութեան ենթարկուածներու պոռթկումը կ՛արտայայտէ: Նիւթ կ՛ունենայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ յիշելով բիւրաւոր անմեղ զոհերու մատնուած տառապանքը՝ ճարահատ ճիչի մը նման կ՛ըմբոստանայ դէպի երկինք:
Ափսոս, որ աշխարհի այս հատուածին վրայ ապրողներուս համար անարդարութիւնը, անիրաւութիւնը հարիւր տարի առաջ ապրուած ու աւարտած խնդիր մը չէ: Այդ է պատճառը, որ ակամայ կը մտաբերենք Մեսչեանի հարցումը՝ «Ո՞ւր էիր, Աստուած»:
Հազիւ ապականած, մգլոտած միտք մը այդ արտայայտութեան մէջ կը գտնէ անաստուածութեան քարոզչութիւն:
Կը գտնէ եւ իր վրայ ալ պարտականութիւն կը համարէ Աստուծոյ փաստաբանութիւնը:
Գրութեան խորագիրը կազմող այս վերտառութիւնը գրուած է «Քամփ Արմէն»ի պատերէն մէկուն վրայ: Ինչ որ միւս պատին վրայ ալ գրուած էր՝ «Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի»: Այս վերտառութիւնն ալ բաւական դժգոհութիւն յառաջացուցած էր որոշ միտքերու մէջ: Վախցած էին, որ այս նախադասութեամբ ալ աւելի կը զայրացնեն այն տարրերը, որոնց դէմ կը պայքարինք մենք, իսկ իրենք կը մնան գթութիւն պաղատողի դիրքին մէջ:
Յստակ ու պարզ դիրքորոշումի մը հակադրութիւնն է այս պատկերը: Հակադրութիւն, որ կեանքի տարբեր իրադարձութիւններուն յաճախ կը պարզուի մեր դիմաց:
Շատ երկար տարիներ դժգոհեցանք մեր ազգային վարժարաններէն ներս աշակերտներու արձանագրութիւնը արգելքներով խոչնըդոտող դրութեան դէմ: Յիշենք, որ իւրաքանչիւր ծնող իր զաւկին արձանագրութեան համար կը հարկադրուէր կրթական տնօրէնութեան կողմէ ճշդուած յանձնախումբի մը յաւակնութիւնը ստանալ: Եւ այս անիմաստ քննութիւնը կը կրկնուէր դպրոցական չորս շրջաններու համար, սկսելով մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարան, միջնակարգ եւ ճեմարան: Այսօր, որ ընթացքը բարեփոխուած է եւ արձանագրութեան լիազօրութիւնը յանձնուած է տնօրէնութիւններուն, չարագուշակները մատնուած են նոր սարսափի մը: «Ինչպէ՞ս պիտի ճշդենք մեզ դիմողներու պատկանելութիւնը» հարցումով կը գոյանայ այդ չարագուշակութիւնը: Պատասխանը շատ պարզ է՝ «Մի՛ ճշդէք»: Բաւ համարեցէք մարդկանց իրենց զաւակները հայ դպրոց արձանագրելու ցանկութիւնը: Ապա ներկայացուցէք դպրոցի ուսման ծրագիրը եւ արձանագրութեան պայմանները: Բաւարարուեցէք այսքանով:
Յիշեցէ՛ք, որ շատ երկար տարիներ տառապեցաք աշակերտութեան թիւի նուազումէն: Հիմա որ մարդիկ ոչ թէ ուրիշ ճար չունենալնուն համար, այլ նախընտրելով կու գան ձեր դուռը, այդ ի՞նչ միտք է, որ պիտի խորհի դուռը իրենց երեսին փակելու մասին:
Յիշէնք, որ քաղաքակրթութեան նուաճումներու դէմ յամառելու գլխաւոր միջոցն է չարագուշակութիւնը:
Չարագուշակը ամէն զարգացում կը դիտէ վարանումով եւ իր մտավախութիւնները կ՛արդարացնէ յօրինած չար գուշակութիւններով: Յետին նպատակ կը վերագրէ իրեն համար անսովոր բոլոր զարգացումներուն:
Այս պահուն կը յիշեմ Ռոպէր Հատտէճեանի 45 տարի առաջ գրած մէկ յօդուածը՝ «Տիգ»ը: «Օրագրիս 15 Էջերը» հատորին մէջ Հատտէճեան ոգեւորուած կը պատմէր մի ոմն անգլիացի Տիգի մասին, որ եկած էր Երեւան հայագիտութիւն ուսանելու: Ներկայ դրութիւնը մեզ կ՛ընծայէ նոր Տիգեր պատրաստելու առիթը, որուն դիմաց ինքնավստահութիւնը կորսնցուցած չարագուշակներ կը մտմտան ինչպիսի արգելքներ յարուցանելու շուրջ:
Եթէ հոս ալ սայթաքինք, ակամայ պիտի գոչենք՝ «Ո՞ւր էիր, Աստուած»: