ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ կատարուած հարցախոյզի մասնակիցներուն 95 տոկոսը համաձայնութիւն տուած է ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ Բաղրամեան պողոտային վրայ երկու ամիս առաջ տեղի ունեցած ցոյցերուն:
Հարցախոյզը կատարուած է «Մարքեթինկի հայկական ասոցիացիա»ին կողմէ, որ Հայաստանի մէջ «Կալլըփ» ցանցին ներկայացուցիչն է: Անիկա կատարուած է 6-13 Յուլիսին, Երեւանի եւ մարզերուն մէջ, եւ անոր մասնակցած են 1106 անձեր։
21 Օգոստոսին միութեան ղեկավար Արամ Նաւասարդեան դիտել տուած է, որ 17 Յունիսին ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ ցուցարարներուն Ազատութեան հրապարակ համախմբուելու, ապա Բաղրամեան պողոտան փակելու որոշումը դրական նկատուած է հարցախոյզի մասնակիցներուն 73 տոկոսին կողմէ, իսկ շատ դրական՝ 22 տոկոսին:
Ցոյցերը ժխտական նկատած են միայն 2 տոկոսը, իսկ 1 տոկոսը դժուարութիւն ունեցած են պատասխանելու։
Ցոյցերուն իրենց մասնակցութեան մասին յայտնած են 15 տոկոսը։ Այդ 15 տոկոսէն 73ը ցոյց կատարած են Բաղրամեան պողոտային վրայ, 24 տոկոսը՝ Ազատութեան հրապարակին, 11 տոկոսը՝ Գիւմրիի մէջ, 1 տոկոսը՝ այլ քաղաքներու: 7 տոկոսն ալ յայտարարած է, որ մասնակցած է համացանցով, ընկերային էջերու ճամբով բողոքներ ներկայացնելով: «Վատ արդիւնք չէ, մենք ակնկալում էինք, թէ աւելի մեծ կը լինի համացանցային միտինգաւորների տոկոսը», յայտարարած է Նաւասարդեան: