ԵՐԵՒԱՆ.– Այս օրերուն Ասթանայի մէջ տեղի կ՛ունենայ հեծելարշաւի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութիւնը, որուն կը մասնակցին 32 երկիրներու հեծանուորդներ: Ասթանայի մէջ Հայաստանը կը ներկայացնեն Եւրոպայի այս տարուան ախոյեան Էդգար Ստեփանեանն ու Պաւել Ստեփանեանը. հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ են նաեւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գէօզալեանը, Արսէն Բորեանը (մեքենագէտ), Արթուր Ղազարեանը (բժիշկ-մարձող): 21 Օգոստոսին աւարտած են 25 քմ. (100 շրջան) խմբակային հեծելարշաւի մրցումները. Էդգար Ստեփանեան գերազանց արդիւնքներով նուաճած է արծաթէ մետալ՝ արժանանալով աշխարհի փոխախոյեանի կոչումին: Ախոյեանութիւնը պիտի աւարտի 23 Օգոստոսին. Հայաստանի հեծանուորդները յառաջիկայ 2 օրերուն պիտի մասնակցին քանի մը այլ մրցումներու։