ԴԻՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌՈՅ
Հովանաւորութեամբ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին, Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերին, «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութիւններու Ճանաչում եւ կանխարգիլում» թեմայով երիտասարդական միօրեայ համագումար, որուն մասնակից դարձան հայկական եւ օտար երիտասարդական ու եկեղեցական միութիւններու ներկայացուցիչները:
Համագումարին բացումը կատարեց Արամ Ա. վեհափառը: Ողջունելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համագումարը, ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին կարեւորութեան: Հայրապետը յիշեցուց, թէ 100ամեակի իմաստն ու նպատակը երեք բառերու մէջ խտացուած է՝ յիշել, յիշեցնել ու պահանջել: Կաթողիկոսըը բացատրեց իւրաքանչիւր բառին իմաստը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման ծիրէն ներս: «Հայոց Ցեղասպանութիւնը կրօնական նկարագիր չունի. անիկա պատմական իրողութիւն է, եւ հետեւաբար Թուրքիան չի կրնար զայն ուրանալ: Նոր Ցեղասպանութիւններուն կանխարգիլումը կ՛ենթադրէ անցեալի ցեղասպանութիւններու դատապարտում», ըսաւ վեհափառը:
Կաթողիկոսի խօսքէն ետք, առաջին նիստին՝ Կրօնքին դերակատարութիւնը ցեղասպանութեան կանխարգիլման մէջ, վերպ. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան զեկուցեց՝ ներկայացնելով քրիստոնէական մօտեցումը: Ան անդրադարձաւ քրիստոնէութեան խաղաղութեան վրայ հաստատուած ըլլալուն, խաղաղութիւն մը, որ կ՛արտացոլայ ամէնօրեայ կեանքին մէջ, թէ՛ ներքին հոգեմտաւոր աշխարհին ու թէ արտաքին ամէնօրեայ հեւքին մէջ: Խօսելով ցեղասպանութեան կանխարգիլման մասին՝ ան նշեց, որ քրիստոնէութիւնը չի կրնար դիտորդի կեցուածք որդեգրել, որովհետեւ Աստուած հարստահարուածներուն կողքին է, եւ հետեւաբար քրիստոնէութիւնը ուրիշ կեցուածք չի կրնար ունենալ:
Առաջին նիստին երկրորդ զեկուցաբերն էր դոկտ. Մուհամմետ Սամմաք, որ անդրադարձաւ նոյն նիւթին, սակայն ներկայացուց իսլամական մօտեցումը: Զեկոյցին սկիզբը ան ընդգծեց, թէ իսլամական կրօնքը չէ, որ մղեց թուրքերը ցեղասպանութիւն գործելու, որովհետեւ կրօնքը չի կրնար ոճրագործութիւն կատարել՝ կրօնքը դէմ է ոճրագործութեան: Ապա ան պատմական օրինակներ տուաւ ցոյց տալով իսլամ կրօնքին հանդուրժողական կեցուածքը:
Համագումարը շարունակուեցաւ յաջորդական երեք նիստերով, որոնց ընթացքին հերթաբար զեկուցումներ կատարուեցան հետեւեալ նիւթերով.
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ Պայքար.
– Դոկտ. Զաւէն Մսրլեան՝ «Ցեղասպանութեան կանխամտածուած բնութիւնը».
– Գէորգ Յակոբճեան՝ «Հայկական Հարցը եւ Միջազգային Օրէնքը»։
Երիտասարդութեան Դերը Ցեղասպանութեան Ճանաչման եւ Հատուցման Մէջ.
– Աքասիա Փոլատեան՝ «Մասնագիտութիւններ, քարոզչութիւն (advocacy) եւ իրազեկութեան բարձրացում (raising awareness)».
– Արազ Գոճայեան՝ «Երիտասարդական երկխօսութեան դերը հակամարտութիւններու լուծման մէջ»։
Երիտասարդութեան Դերը Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Մէջ.
– Րաֆֆի Չիլինկիրեան՝ «Կանխարգիլման միջոցներ».
– Լէյլա Նիքոլաս՝ «Ծայրայեղականութեան ծագումը եւ շարունակուող ցեղասպանութիւնները»։
Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցան շինիչ քննարկումներ, ինչպէս նաեւ աշխատանոցներ: Չորրորդ նիստի աւարտին ներկաներուն ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան կողմէ պատրաստուած «Բոլոր Ցեղասպանութիւններուն Դէմ» տեսաերիզը:
Փակման խօսքը կատարեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ժալըխ: Ան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ գնահատեց կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքը իր համագործակցութեան համար, ապա շեշտեց ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու կարեւորութիւնը մանաւանդ Միջին Արեւելքէն ներս եւ այդ գծով աշխատանք տանելու կոչ ուղղեց երիտասարդութեան: