ԵՐԵՒԱՆ.– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 Նոյեմբերին ընդունած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը՝ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քննար-կուած են կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ տարբեր բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման վերաբերող հարցեր։
Երկրի ղեկավարը գոհունակութեամբ նշած է, որ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը միշտ ալ յատուկ կարեւորութիւն տուած է Արցախին սատարելու գործին՝ երախտագիտութիւն յայտնելով անոնց հայրենանուէր գործունէութեան համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.