ԷՆՍԻՆՕ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 1ին, Հարաւային Հովիտի համայնքը հրաւիրուած էր դրամահաւաք-նախաճաշի մը՝ կազմակերպուած ՀԵԴ «Սիմոն Վրացեան»ի պատանիներուն կողմէ: Հաւաքուած գումարը պիտի յատկացուի Թարզանայի հիւանդանոցի վատառողջ երեխաներուն ի նպաստ կատարուող Toy Drive-ին: Հայկական ոգիով եւ ընկերային մթնոլորտով հարուստ այս ձեռնարկին ներկայ էին աւելի քան 65 հիւրեր: Ներկայ էին նաեւ «Ռոստոմ» կոմիտէի, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի եւ ՀԵԴ «Սարդարապատ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ: Համեղ ու բազմազան ընտրանքներով հարուստ նախաճաշը երաշխաւորուած էր Trader Joe՛s-Էնսինոյի, «Սարգիս» անուշավաճառին եւ պատանիներու ծնողներուն կողմէ: Նախաճաշը պատրաստուած էր ծնողներուն կողմէ, Viken Catering-ի օգնութեամբ:
«Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի ատենապետ Քամի Արապեան դրուատեց համայնքի զօրակցութիւնը՝ ըսելով. «Երբ այս նախաճաշը տակաւին իր նախապատրաստական հանգրուանին մէջ էր, մեզի եւ պատանիներուն համար շատ խրախուսիչ էր տեսնել այն օգնութիւնը, զոր ստացանք շրջանին կողմէ: Ձեռնարկի յաջողութիւնը լիովին կը պարտինք պատանիներուն նուիրուածութեան եւ ծնողներուն անսահման օժանդակութեան: Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք ներկայ եղան եւ քաջալերեցին մեր ձեռնարկը»:
Ներկայ հիւրերէն՝ Գէորգ Գարակաւուրեան նաեւ իր կարգին ըսաւ. «æերմապէս կը շնորհաւորենք «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի պատանիները, այս նախաճաշի ձեռնարկին իրենց բծախնդիր, աշխոյժ, ժպտադէմ եւ յարգալիր մօտեցման համար: Իրենց ներշնչած հայկական մթնոլորտով իսկապէս Փոքրիկ Հայաստան փոխադրեցին մեզ՝ ծնողներս, եւ ներկաները: Հպա՛րտ ենք ձեզմով»: