ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Իրականութիւն է, որ իւրաքանչիւր անհատի համար իր ծննդավայրը իրեն համար կեանք եւ պատմութիւն է: Հայրենի՛ք է… Կը կարծեմ, որ տարօրինակ պէտք չէ թուի եթէ ըսեմ, որ ինծի եւ իմ նմաններուն համար ալ Հալէպը ոչ միայն մեր կեանքի եւ անցեալի գեղեցիկ պատմութիւնն է, այլեւ՝ անմեղութեան շքեղութիւնը, ուրկէ կը բուրեն մանկական կամ պատանեկան կամ նոյնիսկ վաղ երիտասարդութեան մեր յիշատակները:
Այլ խօսքով՝ Հալէպը, ուր ճակատագիրի բերումով էութենէս մաս մը ձգած էի եւ այս օրերուն իրմէ բաւական հեռու եմ, ինծի համար պարզ եւ յստակ գիրքի մը մէջ արձանագրուած անուշ շարական է՝ յաւերժական անցեալի մը գեղեցիկ առասպելով լեցուն:
Խօսիլ Հալէպի մասին՝ կը նշանակէ դարձեալ յիշել եւ հաղորդակցիլ ժառանգած տարիներուս հետ: Ինքն է միտքիս արձանը, հաստատապէ՛ս:
Այսօր կրկին անգամ մեծ ցանկութիւն ունիմ բոլոր հին ու նոր յուշերը վերապրելու եւ վերյիշելու: Շատ յաճախ տաժանելի է այս զգացումը, որովհետեւ յուշերս իրենց հետ կը բերեն նաեւ քաղաքիս յատուկ աշխարհագրութիւնը՝ ծնողք, հարազատներ, եկեղեցի, դպրոց, Ճեմարան, ակումբ, դաշտ, պարտէզ, ընկերներ, դասընկերներ, դրացիներ եւ թաղեցիներ, եւ ինչու չէ նաեւ՝ գաղտնի սէրեր: Ամէն ինչ, յիշատակի նման, գեղեցկութեան մշուշէն եկած կ՛արթննան մէջս ու կը ստեղծեն հաւատաք, կամ՝ հոգեկան փոթորիկներ: Ու բոլորին նման կը սիրեմ Հալէպը:
Այս մէկը գաղտնիք մը չէ, ո՛չ ալ զգացական պոռթկում: Այն օրէն, երբ իրեն «հանդիպեցայ» եւ զինք «ճանչցայ», միայն իր մասին մտածելու սկսայ… Իրմով ապրելու, շնչելու, սիրելու… Ապա օր մը ես ինծի հարց տուի, արդեօք այս սէրս գրաւած է իմ բոլո՞ր զգացումներս: Արդեօք ըսել կ՛ուզեմ, թէ ես սիրահարուա՞ծ եմ: Բայց ինչպէ՞ս կրնամ զինք սիրել, երբ սէրս ցանուած է հոգերուս մէջ ու հոգիս կը ցաւի իր սիրտի զարկերուն տակ: Ինչպէ՞ս, ըսէ՛ք, երբ ներկայի պատերազմը զինք խեղդած է. մէկ խօսքով՝ տգեղցուցած, խաբանած իր արեւուն լոյսը:
Ամէն անգամ, երբ իր հին նկարը կը դիտեմ եւ մանաւանդ իր մասին լաւ «բաներ» կը լսեմ, հոգերս կը ջլատին, ես զիս ապահով կը զգամ, որովհետեւ օրին ինք իմ էութիւնս արդէն իսկ կիսած էր:
Ամէն անգամ, երբ անծանօթ կամ օտար մէկու մը բերանէն իր երգերը լսեմ, ծարաւ եւ կարօտագին հոգիովս խենթերու նման կը քալեմ այն բոլոր ճամբաներէն, որոնք դէպի յուշերս կ՛առաջնորդեն եւ կը ստիպեն, որ երեւակայութիւնս իր հազար թեւերով սկսի ճախրելու:
Իսկապէ՛ս կ՛ուրախանամ զինք «տեսնելով», ու լեզուիս վրայ հին երգ մը պար կը բռնէ: Երգ մը՝ իր արշալոյսին եւ իր մայրամուտին նուիրուած: Սակայն հակառակ այս բոլորին, կը վախնամ իր յուզումէն: Գիտե՛մ: Այս օրերուն ինք աշխարհի բազմութեան մէջ մինակ է ու փսփսուքով կը խօսի ժամանակին հետ եւ ժամանակին մասին: Նաեւ գիտեմ, որ իր տուները, իր բնակիչները հիմա առանց հասցէի են: Օրերը այդպէս ստիպած են…
Անկեղծօրէն ըսեմ, թէ նոյն այդ օրերն էին, որոնք ինծի եւս ստիպեցին, որ երգերս մոռնամ. հրամայեցին արցունք չթափեմ. դիմադրեցի, չհնազանդեցայ եւ միայն օգնութիւն խնդրեցի երկինքի Աստուծմէս ու յոյս մուրացի, որպէսզի երազս ապրի եւ յիշատակներս ամուր կեանքով լեցուին:
Ամէն օր նոր պատմութիւններ կը լսեմ եւ տակաւին պիտի լսեմ այնքան ատեն, որ չեն լռած ռումբերը: Ըսի պատմութիւններ, որոնք երբեմն կ՛ուրախացնեն եւ շատ յաճախ՝ զիս կը դժբախտացնեն: Անոր համար կը պահուըտիմ երազներուս ապաստաններուն մէջ՝ խոյս տալով ամէն փսփսուքէ:
Կը խօսիմ առանց անդրադառնալու եւ առանց զգալու: Միայն երբ յուշերս հին լարերուս վրայ սկսին նուագելու, ա՛յն ժամանակ է որ կ՛արբենամ: Կը հաւատամ, որ օր մը անպայման իր մասին նոր երգեր պիտի հիւսուին. իրեն հետ ես ալ անհամբեր կը սպասեմ ժամանակի ձայնին:
Հալէպի նկարը օրին ներս մտած էր սրտիս մէջ, ու փողոցին կեանք տուող օդին մէջ տերեւներու պարին նման զիս ալ ուրախացուցած: Սակայն ինչպէ՛ս բացատրեմ՝ տակաւին տխուր է սիրտս: Երբեմն իր լուրերը զիս կը փոքրացնեն, կը խեղճացնեն ու կը վերածեն այն մրջիւնին, որ վախէն՝ խոտերու մէջէն սարսափահար կը նայի բոյսերու տատանող ովկիանոսին:
Կ՛ըսեմ անհրաժեշտն ու ճշմարիտը։
Շատեր կը կարծեն, թէ այդ հողաշերտը կամ ամբողջ երկիրը նոյնիսկ մեռած երեւոյթ է, բայց հաւատացէ՛ք, անիկա անյագ ախորժակով լեցուն վիթխարի վիշապ մըն է, որ օր մը արթննալով՝ իր կամքը պիտի պարտադրէ: Ինք հիմա շատ անհանգիստ է, սիրտը անորոշ, հոգին անհամբեր, դէմքը ձմրան ուշ պտուղի նման կնճռոտած, սակայն միտքը պայծառ է… կը հաւատամ, որ օր մը ան իր կեանքը, որ ներկայիս բանտի վերածուած է, պիտի վերաշինէ, ու նոր մարդու թափով պիտի գրէ իր կեանքի նոր պատմութիւնը, ճակատաբաց եւ հպարտ:
Բոլորին նման, իբրեւ հաւատաւոր հալէպցի, ես ալ հեռուէն ու մօտիկէն այդ օրուան գալուստին կը սպասեմ՝ անհամբեր, միշտ յոյսով եւ աղօթքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.