ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ միջազգային լրատուամիջոցներ Դեկտեմբեր 7ին անդրադարձած են մէկ օր առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէի արդիւնքներուն:
Ֆրանսական «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սահմանադրական բարեփոխումներով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պիտի դառնայ արարողակարգային գործիչ, որ պիտի ընտրուի խորհրդարանին կողմէ, 7 տարի ժամկէտով՝ ներկայ 5ին փոխարէն: «Կառավարութիւնը յայտարարած է, որ փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են քաղաքական համակարգը «ուշքի բերելու» եւ երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու համար: Սակայն ընդդիմութիւնը կը բարձրաձայնէ կեղծիքներու մասին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտպանած է սահմանադրական փոփոխութիւններու նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ նոր սահմանադրութիւնը աւելի պիտի հզօրացնէ ընդդիմութիւնը», կըսուի՛ յօդուածին մէջ:
Ֆրանսական գործակալութեան այս յօդուածը լայնօրէն հրապարակուած է միջազգային այլ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու կողմէ, ինչպէս՝ բրիտանական «Կարտիըն» եւ ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթերը:
Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.»ի ռուսական ծառայութիւնը կը գրէ, որ հանրաքուէին մասնակցած ընտրողներուն մեծ մասը՝ 63.35 առ հարիւրը թեր քուէարկած է խորհրդարանական կառավարման ձեւին եւ մեծամասնական ընտրակարգի ջնջման:
«Պի.Պի.Սի.»ի անգլերէն ծառայութիւնը կը նշէ, որ Կիրակի օրուան հանրաքուէին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը հաւանութիւն տուաւ վարչապետի դերի հզօրացման: Լրատուամիջոցը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ որոշ ընդդիմադիր պատգամաւորներ հանրաքուէին յաջորդ օրը պոյքոթի ենթարկած են խորհրդարանի նիստը, իսկ աւելի առաջ բողոքի հաւաք կազմակերպուած էր մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Լրատուամիջոցը կը մէջբերէ նաեւ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի երեսփոխաններուն կարծիքը այն մասին, որ քուէացուցակներուն մէջ անճշդութիւններ եղած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.