ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 8 Դեկտեմբերին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Կայունացման եւ զարգացման եւրասիական հիմնադրամի խորհուրդի անդամները՝ Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախարար, հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ Անտոն Սիլվանովի գլխաւորութեամբ: Անոնք Հայաստան կը գտնուին խորհուրդի 24րդ նիստին մասնակցելու։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Կայունացման եւ զարգացման եւրասիական հիմնադրամի միջոցներու կառավարիչ, Եւրասիական զարգացման դրամատան վարչութեան նախագահ Տմիթրի Փանքին:
Հանդիպումին ընթացքին Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ խորհուրդի երեւանեան առաջին նիստը կը յատկանշուի իր արդիւնաւէտութեամբ, միեւնոյն ատեն մասնակիցներուն կարելիութիւն տալով ծանօթանալու Հայաստանին, անոր զարգացման հնարաւորութիւններուն եւ ներկայի տնտեսական վիճակին։ Ըստ անոր՝ Կայունացման եւ զարգացման Եւրասիական հիմնադրամի ծիրին մէջ Հայաստանի համագործակցութիւնը յաջողութեամբ կը զարգանայ։ Ան վստահեցուցած է, որ հիմնադրամին ֆինանսաւորումով Հայաստանի մէջ հեռանկարային ներդումային եւ ենթակառուցուածքային նախագիծերու իրականացումը, անկասկած, պիտի նպաստէ երկրի տնտեսութեան կարեւորագոյն ճիւղերու զարգացման ու, ընդհանուր առմամբ, ընկերային-տնտեսական յառաջընթացին:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները համակարծիք եղած են այն մասին, որ միջպետական եւ ազգային մեծ ներդրումային նախագիծերու իրականացումը կարելիութիւն պիտի տայ աւելի ամրապնդելու Հայաստանի եւ Հիմնադրամի միւս անդամ պետութիւններուն միջեւ համարկման կապերը: Անդրադարձ կատարուած է համագործակցութեան հետագայ զարգացման հեռանկարին եւ առաջնահերթ ուղղութիւններուն: Հայաստանի նախագահը եւ Կայունացման եւ զարգացման եւրասիական հիմնադրամի խորհուրդի անդամները միտքեր փոխանակած են նաեւ համաշխարհային տնտեսական ներկայի զարգացումներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն մասին, որոնց դիմակայելը, ըստ անոնց, միասնաբար շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.