ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ատրպէյճանական ռմբակոծման պատճառով 5 Դեկտեմբերի երեկոյեան վիրաւորուած 20ամեայ զինուոր Վարազդատ Խաչատրեանի վիճակը շատ ծանր է: Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին յայտնած է Հայաստանի զինուորական կեդրոնական հիւանդանոցի պետ Արամ Ասատուրեան։ Անոր համաձայն՝ բազմաթիւ բեկորային վէրքեր ստացած է Վարազդատ Խաչատրեան:
Նշենք, որ զինուորը Արարատի մարզի Ղուկասաւան շրջանէն է եւ քանի մը օրէն պիտի զօրացրուէր։