Ն.
Դեկտեմբեր 15ին կ՛ոգեկոչենք մահուան առաջին տարելիցը Բենօ Թոնդեան անուն դաշնակցականին, որ 125ամեայ մեր կուսակցութեան ամէնէն զգայուն ժամանակահատուածներէն մէկուն, Հայաստանի վերանկախացման առաջին տարիներուն, ամենայն լայնախոհութեամբ պահապան կանգնելով Դաշնակցութեան աւանդին, իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ դէպի Երկիր ուղղուած ընդհանրապէս տարագիր հայութեան, այլեւ յատկապէս Դաշնակցութեան երթի հունաւորման մէջ:
Բենօ Թոնդեան արժանաւորապէս մարմնաւորեց նոր ժամանակներ թեւակոխած Դաշնակցութեան վարքագիծը՝ գաղափարաբանական, կազմակերպական եւ մանաւանդ քաղաքական-բարոյական վերանորոգման առումներով:
Անոնք, որոնք հնարաւորութիւնը ունին այսօր թերթատելու եւ կարդալու 1970ականներու սկզբնաւորութեան ՀՅԴ Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»ի հաւաքածոն, վստահաբար զարմանքով պիտի հաստատեն, թէ Բենօ Թոնդեան անունով մինչ այդ անծանօթ ստորագրութիւնը, այդ ժամանակ իր հրապարակած շաբաթական յօդուածներով, որքա՜ն այժմէական միտք ունէր փոխանցելու հայ մարդուն՝ 1968էն ետք նոր աշխարհակարգի մը հիմերը նետող քաղաքակիրթ մարդկութեան արհեստագիտական յեղափոխութեան եւ գաղափարաբանական վերանորոգման դեգերումներուն մասին:
25ամեայ երիտասարդ, Համազգայինի Ճեմարանէն քանի մը տարուան շրջանաւարտ, նաեւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ճարտարագիտական բաժանմունքը աւարտած՝ Բենօ Թոնդեան դեռ դաշնակցականի իր երդումը տուած չէր, երբ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ ուսանողական յեղափոխութեան միջազգային բողոքի եւ ընդվզումի շարժումները գտան պաղեստինեան պոռթկումի իրենց կրակի մկրտութիւնը:
Հայաշունչ ամբողջ սերունդի մը հոգեխառնութիւնն ու մտածելակերպը արտայայտելով՝ Հալէպէն ու Քեսապէն ետք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանք աշակերտած, ապա՝ Համազգայինի Ճեմարանը աւարտած եւ հուսկ ՀՅԴ նորահաստատ կուսակցական դպրոցէն անցած Բենօ Թոնդեան ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերէն էր իր սերունդին այն մտայնութեան, թէ նախ կեանքի մէջ պէտք է ուսումի տէր ըլլալ, ապա՝ սեփական յաջողութեան ասպարէզ ունենալ, յետոյ միայն դաշնակցական երդում տալ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ազգին ու հայրենիքին ազատագրութեան դատին ծառայել՝ այդ պայքարին խորհրդանիշ կուսակցութեան՝ ՀՅԴ շարքերը մտնելու երդում տալով…
Բենօ Թոնդեան իր սերնդակիցներուն բաղդատած՝ ուշացումով մտաւ ՀՅԴ շարքերը, իր ուղին հունաւորող ուսուցիչին՝ Հրաչ Տասնապետեանի ներշնչումով, նախ ուսման տիրացաւ եւ ապա միայն արժանաւորի կարգավիճակով եկաւ Դաշնակցութեան
գիրկը: Իսկ 1971ի սկզբնաւորութեան իր տուած դաշնակցական երդումէն մինչեւ մահ, ան անդեդեւ եւ անսակարկ նուիրումով գործեց ՀՅԴ յառաջապահ դիրքերուն վրայ, ամենայն լայնախոհութեամբ պահապան կանգնելով հայ ժողովուրդի ազգային անանց արժէքներուն, Դաշնակցութեան քաղաքական եւ կազմակերպական աւանդին, հայ մշակոյթի ճառագայթող հարստութիւններուն, այլեւ ու մանաւանդ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի անփոխարինելի հանգանակին:
Քսաներորդ դարու վերջին քառորդին, երբ Երեւանը վերստին ու Պէյրութը նորովի ծանրութեան կեդրոն կը դառնային հայոց հողմացրիւ կեանքին մէջ, Դաշնակցութեան նորացուած դէմքը մարմնաւորող գործիչներու շարքին Բենօ Թոնդեան հանդիսացաւ հինն ու նորը, աւանդականն ու նորարարականը համադրելու ուղին ընտրած սերունդին այն ներկայացուցիչը, որ խօսակից էր բոլորին, նոյնիսկ ներհակ
համոզումներու տէր… իրերամերժ արմատականներուն:
Տակաւին կանուխ է ըստ արժանւոյն գնահատելու Բենօ Թոնդեանի ներդրումը հայ կեանքի եւ Դաշնակցութեան կեանքի բախտորոշ այն հանգրուանին, երբ թրքական եղեռնագործութեան դէմ Հայ Դատի ուժական պայքարը 1985ին նշդրակի հարուածով վերջ գտաւ, որպէսզի քանի մը տարի ետք՝ 1988ին, Երեւանէն մինչեւ Ստեփանակերտ վերանորոգ թափով նոր շունչ առնէ…
1988ի ՀՅԴ 24րդ Ընդհանուր ժողովէն սկսեալ, Բենօ Թոնդեան իր կարգին նոր էջ բացաւ իր կենսագրութեան մէջ: ՀՅԴ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի «Դէպի Երկիր» շրջադարձային որոշումը կայացնող այդ Ընդհանուր ժողովին յառաջապահներէն եղաւ, բայց նախընտրեց թիկունքը պահել եւ ոչ թէ առջեւ նետուիլ: Քիչեր գիտեն, թէ առջեւ նետուողներուն ինչպիսի՜ հոգածութեամբ եւ ակնածանքով տիրութիւն ընողներէն եղաւ Բենօ Թոնդեան: Աւելի՛ն. յատկապէս 1995էն ետք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի իր պաշտօնավարութեան շրջանին, Բենօ Թոնդեան հանդիսացաւ լայնախոհաբար հայ կեանքին մէջ հաւասարակշռութիւններ պահպանող այն պատասխանատուն, որ ինչպէս Դաշնակցութեան ներ-կազմակերպական կեանքէն ներս, նոյնպէս եւ Հայաստանի իշխանութեանց եւ հայ հասարակութեան միջեւ յարաբերութեանց հարթութեան վրայ, հետեւողականօրէն պարզեց ու բարձր պահեց դրօշը համախոհութեան եւ համերաշխութեան ոգիին՝ ազգի ու հայրենիքի հոգը ապրող քաղաքական թէ կուսակցական բոլոր հատուածներուն միջեւ համագործակցութիւն յորդորելով, մինչեւ իրականացումը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան, մինչեւ ապահովումը մեր միակ պետական տան անվտանգութեան: Որոշակի իմաստով՝ Բենօ Թոնդեան երեւոյթ էր հայ կեանքին մէջ: Առաջին հերթին՝ հայ կեանքի ղեկավարման եւ առաջնորդող որոշումներու կայացման կեդրոններու մէջ կազմաւորուած ըլլալու իմաստով: Անշուշտ նախ՝ իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի գործավարի (արհեստավարժ պաշտօնեայի), ապա նաեւ՝ ուսուցչական ասպարէզով նորահաս սերունդներուն առաջնորդողի առաքելութեամբ:
Երկրորդ հերթին՝ Բենօ Թոնդեան երեւոյթ էր սփիւռքահայ կեանքի վարչամեքենան՝ իր ղեկավար գործիչներով եւ կազմակերպչական մտայնութեամբ ճանչնալու իր բացառիկ կարողութեան ու հոտառութեան իմաստով: Բենօ Թոնդեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ էր 1994ին, երբ ատենի ՀՅԴ Բիւրոյի 25ամեայ ներկայացուցիչը՝ տարաբախտ
Հրայր Մարուխեան ուղեղի կաթուածով մահաքունի մատնուեցաւ: Դժբախտ պատահարը ղեկավարման մեծ բաց մը ստեղծեց յանկարծ Դաշնակցութեան կեանքին մէջ, որ իր անդրադարձը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ: Օրուան ՀՅԴ Բիւրոյի կազմին մէջ կուսակցական ցենզով կային արժանաւորներ, որոնք կրնային յաջորդել ըներ Հրայրին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութեան տէր կանգնելու իմաստով: Բայց Դաշնակցութիւնը իր Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը որոշեց վստահիլ Բենօ Թոնդեանին, որ կրցաւ բարձր պահել ՀՅԴ դրօշը փոխանցման այդ դժուարին շրջանին, երբ Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը հայրենիքի մէջ պետականօրէն «փակուած» էր, իսկ Սփիւռքի տարածքին մեր ժողովուրդը խորթութեան մատնուած էր ՀՀ ատենի իշխանութեանց կողմէ:
ՀՅԴ գաղափարական եւ կազմակերպական այն աւանդը, որ Արամ Մանուկեանի եւ Սիմոն Վրացեանի Հայաստանի անկախութեան սերունդին կողմէ ժառանգ ձգուած էր մեր սերունդներուն, Բենօ Թոնդեան իր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պաշտօնավարութեան շրջանին փորձեց, ամէն ճիգ թափելով, նորովի կենսագործել՝ հայաստանակեդրոն համահայկական կառոյցի վերածելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, նաեւ՝ «Հայաստանը ամէն բանէ վեր» նշանաբանին տալով մերօրեայ դաշնակցական թռիչք…
Բենօ Թոնդեան առանձին վազող ձի չէր:
Հաւաքական կամք եւ ուժ մարմնաւորող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ էր:
Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու ազգային մեր վճռականութեան եւ մարտունակութեան
յուշարարն էր վերջին հաշուով:
Ինչպէս իր կենդանութեան, նաեւ իր մահէն ետք՝ Բենօ Թոնդեան կը շարունակէ խօսակից մնալ բոլոր անոնց, որոնք ազգի եւ հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան տեսլականով՝ համազգային մեր պայքարը յաջողութեամբ պսակելու ուղի կ՛որոնեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.