ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր միջազգային հանրութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջնորդներուն, որոնք կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան, կը փորձէ բանակցութիւններ վարել Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար:
Բանակցութիւններու հիմնական խոչընդոտը Ատրպէյճանի կողմէ կրակոցները չդադրեցնելու յամառութիւնն է, եւ անոր յարձակումներուն սաստկացումը հակամարտութեան կարգաւորման ամէն վճռորոշ հանդիպման նախօրէին: Անոր ապակառուցողական վարքագիծը միանգամայն անընդունելի է բոլոր անոնց համար, որոնք ներգրաւուած են խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: Ատրպէյճան միտումնաւոր կերպով կը սրէ իրավիճակը նման առիթներով, ճնշում գործադրելու համար միջազգային հանրութեան վրայ՝ ստիպելու համար Հայաստանին երթալ միակողմանի զիջումներու Արցախի մէջ:
Ամէն անգամ, երբ ատրպէյճանական ուժերը կը յարձակին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, Մինսկի խումբի միջնորդները, աւելի լարելով իրավիճակը, սովորական դարձած յայտարարութիւնը կը տարածեն՝ կոչ ընելով երկու կողմերուն դադրեցնելու կրակը, այդպիսով հաւասարութեան նշան դնելով մեղաւորին եւ տուժողին միջեւ: Բացի այդ, միջնորդները կը քօղարկեն իրենց անպատասխանատու յայտարարութիւնը՝ պնդելով, որ իրենք համոզուած չեն, թէ որ կողմը առաջինը կրակած է:
Հոկտեմբերին, Միացեալ նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի (հանրապետական) եւ դեմոկրատ Էլիըթ Էնկըլի նախաձեռնութեամբ Ներկայացուցիչներու տան 85 անդամներու ստորագրութեամբ նամակ մը ուղարկուեցաւ Մինսկի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ, դեսպան Ուորլիքին՝ յորդորելով ձեռնարկել բոլոր հնարաւոր քայլերուն, ետ քաշելու դիպուկահարները սահմանէն, տեղակայելու կրակոցներու ուղղութիւնը ճշդող համակարգեր սահմանագծին վրայ եւ աւելցնելու տարածքը համակարգողներու թիւը: Այս քայլերը ընդունուած էին Հայաստանի, Արցախի, Ամերիկայի Քոնկրեսի եւ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ, սակայն մերժուած Ատրպէյճանի կողմէ՝ իր ռազմատենչ նախաձեռնութիւնները թաքցնելու եւ զանոնք շարունակելու մտադրութեան պատճառով: Նման անյուսալի պայմաններու մէջ, երեք միջնորդները կրնան քննարկել կրակորսիչ համակարգերու տեղակայումը արցախեան սահմանէն ներս՝ յարձակումներու աղբիւրը արձանագրելու համար: Եթէ միջնորդները չեն ուզեր նման քայլերու ձեռնարկել, ապա Հայաստան ինք պէտք է գնէ ամերիկեան Raytheon ընկերութեան արտադրած կրակորսիչ համակարգերը եւ հաւաքագրէ անկախ օտարերկրեայ հասարակական կազմակերպութիւններու՝ վերահսկելու եւ արդիւնքներու մասին միջազգային հանրութեան զեկուցելու համար:
Անմիջապէս, երբ յայտնաբերուի կրակոցներուն աղբիւրը, միջնորդները պարտաւորուած պիտի ըլլան դատապարտելու յանցագործը, հակառակ պարագային անոնք պիտի խրախուսեն Ատրպէյճանը՝ սաստկացնելու յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի վրայ:
Այդ ընթացքին միջնորդները պէտք է զգուշացնեն Ատրպէյճանի բռնապետ նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ եթէ ան չդադրեցնէ եւ ետ չկանգնի սպառնալիքներէն եւ Հայաստանն ու Արցախը ռմբակոծելէն՝ անոնք ստիպուած պիտի ըլլան Ատրպէյճանի խախտումները ներկայացնել ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ տնտեսական պատժամիջոցներ պահանջելով անոր երկրին դէմ:
Միջնորդները կրնան նաեւ ժամանակաւորապէս դադրեցնել իրենց խաղաղարար առաքելութիւնը, առարկելով, որ Ատրպէյճանի շարունակական կրակոցները կը խանգարեն հակամարտութեան լուծում գտնելու գործընթացը: Անկասկած, հնարաւոր չէ կռուիլ եւ բանակցիլ միաժամանակ։
Քանի որ Ատրպէյճան պատրաստ չէ պատերազմելու (եթէ կարենար, շատոնց սկսած կ՛ըլլար, պարզապէս սպառնալու փոխարէն) ուստի անիկա այլընտրանք չունի, քան հետեւելու միջնորդներու կոչին՝ դադարեցնել կրակը եւ սկսիլ լրջօրէն բանակցելու: Բանակցութիւններու սառեցումը լուրջ նահանջ պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի համար, քանի որ ասիկա միակ ճանապարհն է, որուն միջոցաւ կրնայ յոյսեր տածել որոշ համաձայնութիւններ ձեռք բերելու Հայաստանի եւ Արցախի հետ: Միւս կողմէ, հայերը արդէն հասած են իրենց նպատակին՝ ազատագրելով Արցախը ատրպէյճանական բռնագրաւումէն եւ որեւէ ակնկալիք չունին յետագայ բանակցութիւններէն:
Եթէ միջնորդները չսառեցնեն բանակցութիւնները՝ Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ որոշել դադրեցնել իր մասնակցութիւնը այդ անարդիւնաւէտ բանակցութիւններուն, ատով իսկ յստակ ուղերձ յղելով Պաքուին, որ Հայաստանի եւ Արցախի հրետանային ռմբակոծութիւնը կը վնասէ նոյնինք Ատրպէյճանի սեփական շահերուն:
Եթէ բանակցութիւնները չեն դադրեցուիր, եւ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր յարձակումները, ապա Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ պատասխանել «զանգուածային եւ անհամաչափ հարուածներով», ինչպէս բազմիցս զգուշացուցած է: Թէեւ ոմանք կրնան մտահոգութիւն արտայայտել, որ նման գործողութիւնները պիտի յանգեցնեն բռնութիւններու յետագայ սրուելուն, սակայն իրականութեան մէջ, ատիկա պիտի նուազեցնէ, եթէ ոչ պիտի կանգնեցնէ սահմանին վրայ տեղի ուենցող անթիւ բախումները, անմիջապէս որ Ատրպէյճանի ղեկավարները հասկնան, որ իրենք աւելի շատ կը կորսնցնեն կռուելով, քան՝ բանակցելով:
Ցաւալի է, որ նախագահ Ալիեւ կը շահարկէ երիտասարդ ատրպէյճանցի զինուորներու կորուստը առաջին գիծի վրայ՝ շեղելու համար իր ժողովուրդին ուշադրութիւնը երկրին մէջ առկայ քաղաքացիական իրաւունքներու զանգուածային խախտումներէն, իր կառավարութեան վերնախաւին մէջ տիրող փտածութենէն եւ ահաւոր տնտեսական պայմաններէն՝ կապուած նուազող քարիւղային եկամուտներուն հետ:
Անցեալ շաբաթ ես առիթ ունեցայ այս հարցերէն քանի մը հատը քննարկել Ուաշինկթընի մէջ տարբեր պաշտօնեաներու հետ, երբ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ կը հանդիպէր Քոնկրեսի անդամներու եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդ դեսպան Ուորլիքի հետ: Երկու ընդունելութիւն կազմակերպուած էր Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պատիւին Հայաստանի դեսպանատան եւ Քափիթոլի մէջ. վերջինիս համակազմակերպիչներն էին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով զբաղող խումբը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի Հայկական համագումարը եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը: Ներկայացուցիչներու տան քանի մը անդամ, դեսպան Ուորլիք եւ այլ բարձրաստիճան անձեր մասնակցեցան Քոնկրեսի ընդունելութեան՝ զայրացնելով Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը, որ ատրպէյճանցի ցուցարարներու փոքր խումբ մը ուղարկած էր բողոքելու հանդիպման դէմ: Նախագահ Ռոյս ընդունելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ ան խնդրած է դեսպան Ուորլիքէն այս շաբաթ հանդէս գալու Ներկայացուցիչներու տան մէջ Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ զրոյցով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մեծ թիւով գործիչներ Ամերիկայի տարբեր կողմերէն, ներառեալ տողերուս հեղինակը, անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ միացան Արցախի արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանին՝ Արցախի համար խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան ուղերձ յղելու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի տասնեակաւոր անդամներուն՝ կոչ ընելով անոնց ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը Ատրպէյճանէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը