ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀՕՄի Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղի մեծ ընտանիքը Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2015ի առաւօտեան մէկտեղուած էր Կարպիս եւ Նովա Հինտոյեաններու բնակարանը՝ նշելու համար մեծ մայրերուն նուիրուած տօնը, կազմակերպութեամբ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Թալին եւ Նանօր Հինտոյեաններուն, ի պատիւ իրենց մեծ մօր՝ «Սօսէ» մասնաճիւղի երիցագոյն ընկերուհի Նուարդ Տէր Յովհաննէսեանի:
Մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, ընկերուհիները լողաւազանին չորսդին տեղադրուած ճաշասեղաններուն շուրջ ըմբոշխնեցին Թալին Հինտոյեանի հանդիսավարութեամբ օրուան խորհուրդը պարփակող պատշաճ յայտագիրը, որ սկիզբ առաւ Ռեբեքա Զատիկեանի կողմէ «Դերենիկը» ասմունքով, ապա փոքրիկն Լիմ Ղարիպեանի կողմէ «Մեծ Մայրս» ոտանաւորով: Ձեռնարկը համեմուած էր հայկական իւրայատուկ ոճով պատրաստուած գաւառական ասեղնագործութիւններու ցուցահանդէս-վաճառքով, որուն մաս կը կազմէին նաեւ կանացի զարդեղէններ:
Սեդա Պաղպուտարեան, Սիլօ եւ Հուռի Ճեպեաններ գնահատելի գաղափարը յղացած էին՝ ձեռագործներու կողքին իրենց իսկ ձեռային աշխատանքով գեղեցկօրէն պատրաստուած մանկական հագուստներու վաճառքի հասոյթը տրամադրել ՀՕՄին, զայն ծառայեցնելու համար ՀՕՄի մարդասիրական նպատակներու իրագործման:
Ապա, Մարալ Գալեմքէրեան-Ղարիպեան ասմունքեց Յ. Շիրազի «Մայրս» բանաստեղծութիւնը: Թալին եւ Նանօր Հինտոյեանները մէջբերեցին իրենց մեծ մօր հետ կապուած յուշերէն, իսկ մեծ մայրը՝ ընկհ. Նուարդը, ի տես օրուան շքեղ երեւոյթին, իր կարգին ապրեցաւ հոգեկան ցնծութիւն ու գոհունակութիւն, որ կ՛արտացոլար իր միշտ ժպտուն դէմքէն:
Սեդա Հայիրեան ներկայացուց մօր խօսքը՝ ուղղուած իր զաւակին: Սրտառուչ եւ տպաւորիչ մօր խօսքերը յուզեցին ներկաները՝ իրենց մէջ արթնցնելով յատուկ յուշեր եւ հարազատ ապրումներ: Ապա փոքրիկն Քլօուի Ճեպեան ներկայացուց քարաթէի չափական մարզաձեւեր: Աւարտին տեղի ունեցաւ խմբային նկարահանում:
Հետաքաքրական երեւոյթ էր այն, որ սեղաններու կեդրոնը, ապակեայ յատուկ տուփերու մէջ զետեղուած էին «Մեծ Մօր Խրատներու Հաւաքածոյ» թղթիկները, որոնք իսկապէս կեանքի իմաստասիրութենէ եւ հարուստ փորձառութենէ բիւրեղացած խօսքեր կը պարունակէին: Ընկերուհիները հետաքրքրութեամբ կարդացին եւ իրենց հետ տարին զանոնք: Ներկաները նաեւ Նուարդ Տէր Յովհաննէսեանին բարի մաղթանքներ փոխանցեցին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն առիթին համար:
Վարձքը կատար ձեռնարկը կազմակերպողին եւ հովանաւորողին: Թող այս շքեղ երեւոյթը որպէս բարի օրինակ ծառայէ այլոց, մեր պարարտ արմատներուն արժանի յարգանք մատուցելու համար: