ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ եւ թեմի հոգեւորականներու մասնակցութեամբ 10 Յունուարին կատարուած է պաշտպանութեան բանակի օրհնութեան կարգ:
Արարողութիւնը արդէն աւանդութեան վերածուած է: Տարուան իւրայատկութիւնը այն է, որ օրհնութեան կարգը կատարուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ջրօրհնէքի խաչով, զոր իրեն հետ Արցախ տարած է Մայր Աթոռի ջրօրհնէքի այս տարուան խաչքաւորը՝ գնդապետ æալալ Յարութիւնեան: