ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Ոսկրածուծի նուիրատուներուն համար 8 Յունուարը յոբելենական էր: 1999ին Հայաստանի մէջ հիմնուեցաւ «Ոսկրածուծի դոնորների հայկական ռէեստր» բարեգործական հիմնարկը՝ արեան տարբեր հիւանդութիւններ ունեցողները բուժելու առաջադրանքով:
Յաջորդ քայլը արեան ցօղունային բջիջներու հաւաքագրման կեդրոնի ստեղծումն էր: Այդ կը նշանակէ, որ նուիրատուն ստիպուած չ՛ըլլար արտասահման երթալու եւ հոն արիւն յանձնելու։ Կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ նաեւ ոսկրածուծի փոխպատուաստման կարելիութիւնը, որուն բժիշկները անհամբեր կը սպասեն: Մինչ այդ, այս տարիներուն ցօղունային բջիջներու փոխպատուաստման իբրեւ արդիւնք բուժուած է շուրջ 3 տասնեակ հիւանդ:
«Ոսկրածուծի դոնորների հայկական ռէեստր»ի ղեկավար Սեւակ Աւագեան տարուան գլխաւոր ձեռքբերման մասին խօսած է: Ան իր խումբին հետ երկրէ երկիր գացած է հայ նուիրատուներ հաւաքելու: Սակայն թերեւս գայ ժամանակ, երբ նուիրատուի կարիք չըլլայ ու ամէն մարդ ինք ըլլայ իր նուիրատուն: Ատիկա տակաւին հեռաւոր ապագայի հարց է: Սակայն գիտութիւնը ապացուցած է, որ պորտալարային արիւնը ամէնէն մաքուրն է, այդ արեան ցօղունային բջիջները կարելի է օգտագործել, եթէ յանկարծ կեանքի ընթացքին խնդիրներ ծագին։ Առաջին քանի մը համարձակ կիները արդէն ծննդաբերութենէն ետք որոշած են պահել այդ կենարար արիւնը: