ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Արցախի մէջ Կրիփ Ա. տիպի «H1N1» (Խոզի կրիփ) ենթատեսակի առկայութիւնը պարզելու նպատակով Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան «Հիւանդութիւնների վերահսկման եւ կանխարգելման կենտրոն»ի ժահրաբանական տարրալուծարան ուղարկուած, հիւանդանոց գտնուող 10 հիւանդներէն 3ին արեան քննութեան արդիւնքներէն ի յայտ եկած է հիւանդութեան առկայութիւնը:
Այս մասին «Արցախփրէս»ին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարարութեան պետական առողջապահութեան եւ հակահամաճարակային տեսչութեան գլխաւոր մասնագէտ, համաճարակաբան Կարինէ Բալայեան՝ հաստատելով, որ «H1N1»ի առկայութիւնը հաստատուած է 0–18 տարեկան 3 երեխաներու մօտ, որոնք երկու օր առաջ արդէն առողջացած եւ դուրս եկած են «Արեւիկ» մանկական հիւանդանոցէն:
Կ. Բալայեանի համաձայն՝ կանխարգելիչ հիմնարկները ապահովուած են անհրաժեշտ քանակի դեղամիջոցներով, ձեռնոցներով, դիմակներով, ախտահանիչ նիւթերով եւ լուծոյթներով: Բացի ատկէ, համապատասխան բժշկական անձնակազմը պիտի սկսի այցելել տարբեր շրջաններ՝ սուր վարակներու ծանր դէպքերը ժամանակին բացայայտելու եւ համապատասխան բուժում տալու նպատակով: Նկատի առնելով կրիփի եւ սուր շնչառական վարակներու փոխանցման օդակաթիլային մեքանիզմը, համաճարակաբանը նշած է, որ հիւանդութեան ախտանշաններն են գլխացաւ, մկանացաւ, ջերմութիւն՝ մինչեւ 38 աստիճան, հազ, թուլութիւն, հարբուխ կամ քիթի խցանում, հեղձուկ, երբեմն քիթէն արիւնահոսութիւն:
Կարինէ Բալայեան խորհուրդ տուած է սուր շնչառական վարակներէն եւ անոնց հաւանական բարդութիւններէն խուսափելու նպատակով կրիփի նման երեւոյթներու արձանագրութեան պարագային անյապաղ դիմել բժշկական օգնութեան եւ ոչ մէկ պարագայի անձնական ձեւերով բուժման հետեւիլ։