ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 11 Յունուարին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շատ խիստ կերպով դատապարտած է ատրպէյճանական կողմի հերթական սադրիչ գործողութիւնը՝ հաստատելով, որ անիկա անհետեւանք պիտի չմնայ:
«Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն է յայտնում Յունուարի 9ին՝ ժամը 21:30ի սահմաններում, պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերից մէկի պահպանութեան տեղամասում հակառակորդի կողմից արձակուած կրակոցից մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած բանակի զինծառայող, 1996թ. ծնուած Արամայիս Իւրիկի Ոսկանեանի հարազատներին եւ կիսում է կորստեան ծանր վիշտը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: