ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքի մամլոյ քարտուղար Ալեքսանտր քահանայ Վոլքով հայկական լրատուամիջոցներուն կատարած յայտարարութեան մէջ նշած է, որ Ռուսիոյ եկեղեցւոյ դիրքորոշումը անփոփոխ է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ։
«Ռոսիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին սրբագոյն պատրիարք Քիրիլ խօսած է վերջին տարիներուն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն ապրած սարսափելի եւ աննախընթաց կացութեան ու դժուարութիւններուն մասին: Այդ պարունակին մէջ սրբազանը բերած է Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան օրինակը, ուր եղած են այնպիսի շրջաններ, երբ ներմուծուող համակարգը կ՛ապահովէր համեմատական անվտանգութիւն եւ կայունութիւն կրօնական փոքրամասնութիւններուն կեանքին մէջ: Նման կարգի բացակայութիւնը միշտ, ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ 100 տարի առաջ, այնպէս ալ ժամանակակից Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ կ՛առաջնորդէ դէպքերու ողբերգական զարգացման:
Պատրիարքի մամլոյ քարտուղարը ըսած է, որ ահա թէ ինչո՛ւ մենք ժամանակակից իրադարձութիւնները կը կոչենք ցեղասպանութիւն: Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով մեր եկեղեցւոյ դիրքորոշումը բազմիցս յստակ կերպով հնչած է պատրիարքի պաշտօնական բազմաթիւ յայտարարութիւններուն եւ յղած ուղերձներուն մէջ։ Մեր դիրքորոշման վառ օրինակներէն է Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ բարձրագոյն մակարդակով մասնակցութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն, ինչպէս՝ նորին սրբութեան մասնակցութիւնը Մոսկուայի մէջ հայկական եկեղեցւոյ օծման, նախորդ տարի ռուսական եկեղեցւոյ պատուիրակութեան Երեւան տուած այցելութիւնը՝ մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն։ Ռուսական եկեղեցւոյ դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ: Մենք մնայուն կերպով բաց, հրապարակային ձեւով պաշտպանած ենք ու կը շարունակենք պաշտպանել այդ դիրքորոշումը՝ միջազգային, միջքրիստոնէական եւ միջկրօնական հարթակներու վրայ։