Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան յայտնի է իր կատարած երբեմն ծիծաղելի, երբեմն ալ անհեթեթ յայտարարութիւններով։ Կ՛արժէ այստեղ նշել Գալուստ Սահակեանի միտքերէն եւ կարծիքներէն քանի մը հատը, որպէսզի ընթերցողները պատկերացում ունենան, թէ ի՜նչ հանճարեղ ղեկավարով օժտուած է Հայաստանի խորհրդարանը՝ Ազգային ժողովը.
– Գաղտնի բառը դա թաքուն բառը չի.
– Ճշմարտութիւնը ոչ թէ մէկ ա, այլ երկու հատ.
– Չափներդ ճանաչէք, չափից եթէ դուրս էք գալիս, անչափ չէք դառնում.
– Արձանագրային մասը աւելի արձանագրուած լինի.
– Քաղաքականութեան մէջ էգ եւ որձ չկայ.
– Լուրջ մարդկային փոխյարաբերութիւններում բոլորը պիտի փոխյարաբերուեն.
– Ես կարծում եմ ցմահ կլինի մահապատիժը.
– Իմ շուլուխը Վահանի (Յովհաննիսեան – ՐՏ) հանճարին վնաս չի
– Պայքարը ոտքով են անում.
– Ես սիրում եմ իմ տունը, իմ կահոյքը, այնպէս որ նման նախախնամութիւններ չունեմ…
Հանրութիւնը արդէն իսկ վաղուց սորված է ծիծաղով եւ հեգնանքով ընդունիլ Հայաստանի թիւ երկու առաջնորդին այսօրինակ յայտարարութիւններն ու միտքի փայլատակումները։ Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ մարդիկ կատակ եւ երգիծանք տեսնելու առիթը չեն ուզեր փախցնել. ի վերջոյ, այդ ձեւով քիչ մը կը մխիթարուին ու թեթեւ կը տանին ցաւալի ու դառն իրականութիւնը։
Եթէ Գալուստ Սահակեանի եւ իր նմաններուն միտքի գոհարները հեգնանքով կ՛ընդունուին ժողովուրդին կողմէ, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել կարգ մը պատգամաւորներու կատարած սպառնական եւ անարգական յայտարարութիւններուն մասին։ Այս պատգամաւորներէն շատերը, դարձեալ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան անդամներ, արդէն իսկ այնքա՜ն ուժեղ եւ պաշտպանուած կը զգան, որ առանց վարանելու՝ վարկաբեկիչ կոպտութեամբ կը սպառնան ընդդիմադիրներու, լրագրողներու եւ հասարակ քաղաքացիներու։ Ահաւասի՛կ շարք մը գոհար խօսքեր եւ սպառնալիքներ, որոնց հեղինակները Ազգային ժողովի Հանրապետական պատգամաւորներ են (նախկին եւ ներկայ), որոնք կոչուած են օրէնքներ մշակելու եւ պետութեան հիմերը ամրացնելու.
– Չգիտէք ես ի՞նչ պիտի անեմ, պիտի պատժեմ, պիտի ծեծեմ (նախկին պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեան)
– Խելօք չպահէք՝ կտանք բերաններիդ (գեներալ Մանուէլ Գրիգորեան)
– Կը տամ ծնօտդ պոկեմ, արդէն սանձներդ կտրուել ա (Մհեր Սեդրակեանը՝ լրագրողին)
– Զարուհու նմանները գնում են սուննաթուած (թլփատուած) թուրքերի մօտ (Առաքել Մովսիսեանը՝ ընդդիմադիր պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի մասին)
– Լսի՛, ա՛յ լակոտ, աչքերդ կը հանեմ (Շուշան Պետրոսեանը՝ պաշտպանութեան նախարարութեան մասին ֆէյսպուքեան վատ գրառում ըրած քաղաքացիին)…
Ի հարկէ, պատգամաւորներն ալ մարդիկ են ի վերջոյ եւ կրնան զգացական կամ ջղային պոռթկումներ ունենալ։ Բայց ազգի ներկայացուցիչ «ընտրուած»ները առաջինը իրե՛նք պիտի կարենան խոհեմութիւն ցուցաբերել եւ սահմանները չանցնիլ, այլ՝ ազգընտիրի պատշաճ կեցուածք դրսեւորել։ Մանաւանդ հիմա, երբ Հայաստան կ՛անցնի խորհրդարանական կառավարման համակարգի, եւ նոր սահմանադրութեամբ շեշտակիօրէն կը բարձրանայ երկրի ղեկավարման մէջ Ազգային ժողովին դերը, ընդամէնը կ՛ուզենք հաւատալ, որ յաջորդ խորհրդարանը կատակերգութիւններու եւ սպառնալիքներով մարդիկը ահաբեկելու թատերաբեմ պիտի չըլլայ։ Չէ՞ որ, ինչպէս Սերժ Սարգսեան տարի մը առաջ յիշեցուց, քաղաքականութիւնը կրկէս չէ, եւ քաղաքականութեամբ պիտի զբաղուին խելքը գլուխը մարդիկ…
Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com
Բացառիկ!!
Սակայն Դաշնակցությունը կողմ էր խորհրդարանական կառավարման համակարգին:
Այս իշխանությունները անգամ մը եւս խաբեցին բոլորին Սահմանադրական Փոփոխությունների անունին տակ:
Այսպիսով երկիր չի կառավարվիր:
Յօդուածը դիպուկ է եւ տեղին: Պետական պաշտօնը նման է մեղրի, եւ ընդհանրապէս ճանճերն հաւաքւում դրա վրայ…