ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բուսաբուծութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան բաժինի պետ Վիլեն Աւետիսեան «Արցախփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով, Արցախի մէջ 2015ի ցանքն ու բերքը 36 տոկոսով աւելի էին։
Դեկտեմբեր 31ի տուեալներով Արցախի մէջ հերկուած է 55 հազար 859 հեկտար հող, 53 հազար 845.4 հեկտարին վրայ կատարուած է աշնանացան հացահատիկի ցանք՝ նախորդ տարուան 43 հազար 221 հեկտար հերկի եւ 39 հազար 450.6 հեկտար ցանքի փոխարէն:
«Ցանքատարածութիւնների աւելացումը եւ հողագործութեամբ զբաղուողների ակտիւութիւնը պայմանաւորուած է նախորդ տարում ստացուած առատ բերքով», հաստատած է ան։
Ոլորտի մասնագէտին համաձայն՝ երկրագործներուն համար ձիւնի նման տեղումները առաւել քան սպասուած էին: «Վերջին երկու ամիսներին տեղացած ձիւնը միանշանակ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ բերքատուութեան վրայ: Եթէ տեղումները եւ բարենպաստ եղանակը նման կերպ շարունակուեն, ապա այս տարի բարձր բերք է սպասւում», դիտել տուած է Վ. Աւետիսեան՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային հողագործական աշխատանքները պիտի շարունակուին մուկի նման կրծողներու եւ մոլախոտերու դէմ պայքարի ծիրին մէջ։