ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Պոլսահայ լրագրող, Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան օրը ամէն տարի յիշատակի երթ տեղի կ՛ունենայ Պոլսոյ մէջ, իսկ այս տարի երթ տեղի ունեցած է նաեւ Երեւանի մէջ:
Նախաձեռնողները մայրաքաղաքի փողոցներէն մէկը Տինքի անունով անուանակոչելու նպատակով ստորագրահաւաք կազմակերպած էին, օրուան աւարտին անոնք ստորագրութիւնները յանձնած են Երեւանի քաղաքապետարանին: Այնուհետեւ նախաձեռնութեան մասնակիցները երթով ուղղուած են Հանրապետութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցած է մոմավառութիւն: