ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Այդպէս ծրագրուած չէր, բայց 2015ը պիտի յատկանշուի հիմնականին մէջ հարիւրամեակին կատարուած նախաձեռնութիւններով՝ Արամ Ա.ի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի հայցով՝ Սիսի կաթողիկոսութեան կալուածներուն վերատիրանալու, Եւրոպական Մարդկային իրաւանց դատարանի արձակած Փերինչեքի դատին վճիռով եւ ՀՅԴ 125րդ ամեակով։ Իրարու հետ որեւէ կապ ունի՞ն այս բոլորը։ Պատասխանը թերեւս վիճելի ըլլայ, բայց թէ կապ ունին՝ վստահաբար։
Հարիւրամեակի առիթով եղած նշանակալի իրադարձութիւնները եղան Հռոմի սրբազան պապին յայտարարութիւնը, Գերմանիոյ նախագահի յախուռն ելոյթը՝ այժմ արդէն տիկին վարչապետին կողմէ մէկդի դրուած կամ «սառեցուած», նահատակներու սրբադասումը եւ Լոս Անճելըսի մէջ կայացած 160,000 հայերու հսկայական ու տպաւորիչ քայլարշաւ-ցոյցը։ Այս է համայնական խորապատկերը մեր կեանքի գործունէութեան, եւ ի՛նչ որ տեղի պիտի ունենայ, ի՛նչ որ պիտի իրագործուի, այս իրագործումներու հաստատած նշաձողերով պիտի արժեւորուի, ուզենք թէ չուզենք։
Յիսուն տարի ետ երթալով, Յիսնամեակի ծանրակշիռ նշանակութիւնը Սփիւռքի մէջ, շուրջ տասը տարուան խմորումի շրջանէ ետք յստակ կերպարանք ու իւրայատուկ արտայայտչաձեւ ստացաւ 1978ին ու ատկէ ետք։ Իսկ հայրենի երկրին մէջ անդրադարձը եղաւ անմիջականօրէն բոցավառուած հսկայական խարոյկը զանգուածներուն, իբրեւ արդիւնք՝ հոգիներու մէջ մակարդուող ազգային նպատակները, երազները հրազինող ալեբախումներու հսկայական ցոյց, խորհրդային ոստիկաններու աչքին տակ, Ծիծեռնակաբերդի համալիրի կոթողումը եւ գրեթէ օրը օրին քսանամեակ մը եւ երեք տարի ետք՝ 1988ի Փետրուարին, մէկ միլիոն հայերու տասնամեակներով խցանուած զայրոյթը հրաբխային, աշխարհասասան ահռելիութեամբ ժայթքումը։
Այս բոլորը չէին կրնար աննկատ ձգուիլ մեր հարեւան երկրին մէջ՝ հարիւրամեակին ծնունդ տուող դահիճներու թոռներուն կողմէ։ Անոնց հակազդեցութիւնը եւս նիւթականացաւ իրենց յատուկ աներեւակայելի վայրագութեամբ՝ ռմբակոծումովը Տէր Զօրի մէջ կանգնած Ցեղասպանութեան յուշակոթողին ու հայոց եկեղեցիին՝ երկուքն ալ իրենց սահմանամերձ, երկուքն ալ զիրենք անհանգստացնող ու երկուքն ալ իրենց աչքին փուշ։ Յաջողեցան Արեւմտեան Հայաստանի ամէնէն մօտիկ ու Սփիւռքի ամէնէն առոյգ ու կեանքով լեցուն գաղութներէն մին՝ Հալէպը, քանդել ու տարտղնել ժողովուրդը, իրապէս վերածելով զայն «երազային» Հալէպին՝ երազային ու անջնջելի ապրումներու, ազգային իտէալներու եւ յուշերու աղբիւրին։
Ասոնք են մեր ժամանակներու պատմութեան տոմարին երկու էջերը՝ մուտքի ու ելքի, եւ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ելքը գերազանցեց մուտքին։
Ճի՞շդ է այս հետեւութիւնը։
Թերեւս։
Ի հեճուկս այս քանդումներուն, հիմնական երկու իրականութիւն զուգադիպեցաւ՝ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի Փերինչեքի դատին արձակած վճիռը, եւ Արամ Ա. հայրապետի թուրք Սահմանադրական դատարանի հայցը՝ վերատիրանալու համար Սիսի հայրապետական կալուածներուն։
Կեդրոնանալով պահ մը Սիսի կալուածներուն վրայ, թուրք ատեանի մը որոշումը՝ վերադարձնելու «Քեմփ Արմէն»ի տարածքը Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքին, յատկանշական էր։ Կրնա՞յ այս վճիռը նախընթաց ծառայել Սիսի կաթողիկոսութեան գրաւուած կալուածներուն պարագային։ Օրինապահ որեւէ երկրի մէջ այդ հեռանկարը այնքան ալ անհաւանական պիտի չըլլար, բայց Թուրքիան՝ ունենալով օսմանօֆաշիստ ու ոճրամիտ պետութիւն, արդար անակնկալներու երկիրը չէ եւ չի դադրիր զինք շրջապատող երկիրները զարմացնելէ։ Ոչ շատ հեռու ապագային կ՛իմանանք նաեւ Թուրքիոյ օրինականութեան, հանդուրժողութեան ու արդարամտութեան արնագոյն սահմանագիծը։ Երկրորդը Փերինչեքի վճիռն էր, որ հաւանաբար ունենայ մնայուն ու ծանրակշիռ հետեւանք մեր Դատի հետապնդման աշխատանքներու բնոյթին վրայ։
***
Հոկտեմբեր 16ին կամ 20ին էր, երբ կը հետեւէի օրուան լուրերու հեռասփռումի Երեւանի հեռատեսիլի «Շան»չ կայանի հաղորդումներուն, մասնաւորաբար Արցախի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող հրադադարի խախտումներուն մասին։ Շատ չանցած, հաղորդավարը ոսպնեակը կիզակէտեց Սթրազպուրկի Եւրոպական Մարդկային իրաւանց դատարան, այդ քաղաքէն սփռելու համար Փերինչեքի դատավճիռը։ Խօսողը Գէորգ Կոստանեանն էր, Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազը։ Ուշադրութիւնս գրաւեց անոր արագ-արագ խօսակցական արագավազ յայտարարութիւնը՝ մեկնաբանելու համար տրուած վճիռը եւ քիչ մըն ալ աճապարանքը՝ վերջացնելու համար իր ըսելիքը։ Ըսել ուզածը այն էր, թէ դատարանի վճիռը ամբողջութեամբ գոհացուցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան պահանջները։ Փերինչեքի վճիռին վրայ շատ չծանրացաւ։ Շատ լաւ կը յիշեմ բանի մը սպասող իմ կացութիւնը՝ ակնկալութիւնս առանց գոհացած ըլլալու տեսնել դատախազին հեռացումը հեռատեսիլի պաստառէն։
Հաղորդավարը յայտարարեց, թէ Փերինչեք ազատ էր կացուցուած եւ ուրեմն կրնար իր ուզածը ըսել բայց ոչ ուզած տեղը։
Առասպելական կէս-լեցուն բաժակը ստացած էր յատուկ նշանակութիւն։ Դասական պատկերը այն է, թէ ոմանք կէս լեցուն բաժակին լեցուն մասը կը տեսնեն, ուրիշներ՝ պարապը։ Այս պարագային պարապութեան եւ լեցունի տրոհումը չկար, եւ երբ մարդ կը դիտէ այդ բաժակը, իր նայուածքը, տեսնելու յատկութիւնը եւ ուրեմն աչքերու լոյսը ահռելի արագութեամբ, թերեւս լոյսի արագութեամբ, կը ճեղքէր գաւաթին շրջանակը առանց բեկուելու՝ ուղիղ կերպով անցնելով բաժակէն ու լուծուելով տիեզերական միջոցին մէջ։ Այս պատկերը ճիշդ, է եւ սպասելը անհրաժեշտ չէր գիտնալու, թէ ի՛նչ եղաւ Սթրազպուրկի մէջ։
Այն, ինչը մնաց միտքիս մէջ՝ դատարաններու ճարպիկ բառախաղերը, փաստաբաններու յատուկ մեկնաբանական առաձգականութիւնն էր, որ եւ կը համընկնէր այստեղ՝ տալով տպաւորութիւնը խուսափելու պատասխանատուութենէ եւ խճճելու ըսուելիքը՝ պարզին ու յստակութեան հաշուոյն, եւ ուրեմն կը շեշտէր, թէ ՀՀ կառավարութիւնը բաւարարուած էր տրուած վճիռով («…այս առումով արձանագրում ենք, որ մենք մեր նպատակին հասանք։ …Փերինչեքին դատապարտելը համարուել է կոնվենցիայի խախտում ոչ թէ այն պատճառով, որ Շուէյցարիայի օրէնքն հակասում է կոնվենցիային, այլ Շուէյցարիայի տուեալ օրէնքը սխալ է կիրառուել Փերինչեքի նկատմամբ», Գէորգ Կոստանեան («Ասպարէզ» 16 Հոկտեմբեր 2015)։
«Ասպարէզ»ի նոյն թիւին մէջ, ակնարկելով Զուիցերիոյ հայ գաղութի հակադարձումին, Սարգիս Շահինեան՝ Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութեան նախագահը, կը պատասխանէ. «… Շատ ժխտական։ Եւ ամենակարեւորն այն է, որ դատարանի գիտելիքները իրաւական եւ սոցիալական հիմքի վրայ (վճիռը) շատ թոյլ էին։ Նոյն հողի վրայ չկարողանալ դնել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը ատելութեան հրահրման ենթակայ առարկայ է, դա ամենածանր արդիւնքներից մէկն է, որ մեզ հասկանալ է տալիս, թէ մենք ինչ իրականութեան մէջ ենք գտնւում»։ Քիչ մը աւելի ուշ՝ Նազարէթ Պէրպէրեանի («Ասպարէզ», 4 Նոյեմբեր 2015) արժեւորումը վճիռին. «Մարդկային իրաւանց դատարանը փաստօրէն վճռեց, թէ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները իրաւական հիմք չունին քրէական յանցագործութիւն նկատելու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ժխտող Փերինչեքի հրապարակային յայտարարութիւնները։ Ընդհակառակն՝ Փերինչեքի ազատ արտայայտութեան իրաւունքը կաշկանդուած ու ոտնակոխուած կ՛ըլլայ – եղե՜ր – եթէ Զուիցերիա փորձէ քրէական պատիժի ենթարկել… Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը»։ Ահա նաեւ դատարանի վճիռը հիմնաւորող բացատրութենէն հատուած մը՝ առնուած համացանցի վրայ հրատարակուած փաստաթուղթէն. «Արտայայտուելու ազատութիւնը ժողովրդավար ընկերութեան էական հիմքն է եւ անհրաժեշտ պայմաններէն մին անոր յառաջդիմութեան եւ իւրաքանչիւր անհատի անձնական ինքնահաստատման։ …Հայցողին (Փերինչեքի) հաստատումները կ՛առնչուէին հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւած հարցի մը հետ, եւ աւելի ուժգին պաշտպանութեան իրաւունք ունէին՝ ըստ Մարդկային իրաւանց օրէնքի յօդուած 10ին։ …Դատարանը կ՛եզրակացնէ, թէ անհրաժեշտ չէր ժողովրդավար ընկերութեան մը մէջ հայցողը ենթարկել ոճրային պատիժի, պաշտպանելու համար հայ համայնքի իրաւունքները, որոնք խնդրոյ առարկայ են ներկայ դատին մէջ։ Հետեւաբար, Մարդկային իրաւանց օրէնքի յօդուած 10ի խախտում է տեղի ունեցած։ …Ինչպէս կը հետեւցուի հայցողի ակնարկութեան ընդհանուր բանաձեւումէն, անիկա չ՛եզրակացներ թէ հայերը, արժանի էին վայրագութեանց եւ ոչնչացման, այլ Փերինչեք կ՛ամբաստանէր կայսերապաշտները հայերու եւ թուրքերու միջեւ վայրագութիւն գրգռած ըլլալնուն համար։ Ժամանակը, որ անցած է դէպքերու պատահումէն, որոնց հայցողը կ՛ակնարկէր, կը մղէ դատարանը եզրակացնելու, թէ անոր հաստատումները չեն կրնար նշանակալիօրէն նեղացնող նկատուիլ՝ արդիւնք, որ կը վերագրուի անոնց» (թրգ. Մ. Մ.ի)։
Փերինչեք ուրեմն իր իրաւունքին մէջ էր խօսքի ազատութեան օրէնքին սահմաններէն ներս։ Այլ խօսքով՝ Փերինչեք իրաւունք ունէր իր մտագար ձաբռտուքը անպատիժ բաժնելու աշխարհին հետ։
Չեմ գիտեր, ինչո՛ւ կը սպասէի, թէ հաղորդավարը շարունակէր լուրը եւ յաւելեալ տեղեկութիւն հայթայթէր բացատրելու, մեկնաբանելու, քննարկելու, թէ ինչո՛ւ խօսքի ազատութեան սկզբունքի շղարշին տակ իրաւունք կը տրուէր Փերինչեքին Ցեղասպանութեան իրականութիւնը հեգնելու, հերքելու։ Նման յստակացում չեղաւ։ Միայն թէ կասկածը, յուսախաբութիւնը սկսան կրծելու ակնկալութիւններուս հիւսուածքը եւ հանգոյց առ հանգոյց քակտելու զայն։ Նաեւ մինչեւ հիմա յամեցող տպաւորութիւնս՝ մեր դատախազէն։ Մարդը արագօրէն կը կարդար եւ կը քննարկէր վճիռը եւ այնքան շտապ կերպով, որ ինծի պահ մը թուեցաւ, թէ մարդը սխալ տեղ, սխալ պաշտօն կը զբաղեցնէր, թէ իր ճշգրիտ տեղը ինքնաշարժներու վաճառման հաստատութիւն մըն էր եւ՝ ոչ շատ վարպետ վաճառող մը։ Նոյն այդ մօտեցումը տեղի տուաւ, մղեց զիս եզրակացնելու, թէ կրկին անգամ, հերթականօրէն նուաճած ենք… բարոյական յաղթանակը, թէ այդ յաղթանակը պիտի շեփորենք ամէն տեղ, ամէն առիթի, ամէն հաւաքի, ինչպէս կը շեփորէր «Թուրքիան ձախողեցաւ» բղաւող, երանելիօրէն պատմութենէն անտեղեակ ու պատմութեան անհաղորդ աննախանձելի «երգչախումբը»՝ մեր երգերու խազերուն ու չափերուն անծանօթ, սպասելով այն պահուն, երբ փոխանակ բարոյական յաղթանակին, իրաւ ու իսկական յաղթանակը կը շեփորենք։ Այդ գիշերուան յաջորդող քանի մը օրերուն մեր թերթերը արձագանգեցին եւ անդրադարձան դատախազի մեկնաբանութեան բացի «Ասպարէզ»ի մէջ լոյս տեսած Նազարէթ Պէրպէրեանի յօդուածէն ու Շիրվանեանի հարցազրոյցէն, որոնք երկուքն ալ վերապահութեամբ էին մօտեցեր որոշման, վճիռին։ Տարբեր զարտուղութիւն մը նաեւ այն էր, թէ մեր թերթերէն՝ հայատառ թէ օտարալեզու, ոչ մէկը հրատարակեց վճիռին հայերէն ամբողջական պատճէնը, թէեւ անգլերէն բնագիրը գոյութիւն ունի համացանցին վրայ, որպէսզի ընթերցողները իրենք կարդան, մեկնաբանեն եւ որոշեն, թէ ի՛նչ էր եղածը։ Կիրօ Մանոյեան թէեւ ձեւով մը վճիռին երկարութիւնը՝ 100 էջ, (ճիշդ ըլլալու համար 134 էջ) իբրեւ պատճառ կու տար այս բացթողումին («Ասպարէզ», 23 Հոկտեմբեր 2015)։
Այդ վճիռը մեր՝ Հայ Դատի հետապնդման գոծընթացին ամէնէն բախտորոշ եւ գրեթէ մնայուն իրադրութիւններէն մէկն է եւ զարմանալիօրէն անոր հակադարձը մեր մամուլին մէջ վճիռին ծանրութեան համազօր չէր։ Չըլլա՞յ թէ հարիւրամեակի առիթով կատարուած համեստ՝ յետադարձ հայեացքով, ձեռնարկներէն, բացի Լոս Անճելըսի 160,000 հայերու քայլարշաւ-ցոյցէն, յոգնած են։ Թէ՝ ազգային զգայնութիւններու բթացումէն մարդիկ, ժողովուրդը, կորսնցուցած են իրենց հետաքրքրութիւնը, բծախնդրութիւնը, մանաւանդ տրուած որոշումէն այնքան շշմած, որ նոյնիսկ կը մերժեն կարծիք յայտնել կամ կարծիք ունենալ եւ դժգոհութեան բողոք ներկայացնել։
Եւ իրաւամբ, այս անտարբերութիւնը, մանաւանդ նախորդ դարու քսանական թուականներու Կիլիկիոյ ու երկու-երեք տարի ետք Արեւմտահայաստանի հսկայական տարածքներուն աճուրդի հանուիլը համայնավար պատեհապաշտներու կողմէ եւ մեր օրերուն, երբ վճիռի արձակումէն շատ չանցած, եւրոպական կարգ մը պետական դէմքեր պոչ բռնեցին Էրտողանը տեսնելու բարացուցական է։
Լաւագոյն օրինակը Գերմանիան տուաւ, երբ յայտարարեց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի մը մասին խորհրդարանի քննարկումը ժամանակաւոր կերպով… սառեցուած էր։
Դատարանը իր վճիռը արձակեց՝ փաստօրէն անվերաքննելի կերպով։ Իրապէ՞ս անվերաքննելիօրէն։ Եթէ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանի գործելաոճը նկատի ունենանք՝ հաւանաբար ոչ, որովհետեւ եղած են պարագաներ, երբ առնուած որոշում մը բեկանուած է, եւ փոխարինուած տարբեր որոշումով Գերագոյն ատեանի տարբեր անձնակազմի կողմէ։ Անկարելի չէ որ յետագայ տարիներուն ստեղծուի առիթը վերանայելու, վերաքննելու եւ այս առնուած վճիռը փոխարինելու տարբեր որոշումով, աւելի համահունչ մարդկային իրաւունքներու ոճրային անտեսման սահմանումի տրամաբանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի իրականութեան զուգակշիռ վճիռով։
***
Տարօրինակօրէն վճիռին հրապարակումը կը զուգադիպէր նախախնամակա՞ն տարեդարձի մը՝ ՀՅԴ 125ամեակին։ Որեւէ կապ կա՞յ վճիռին ու ՀՅԴ տարեդարձին միջեւ։ Վստահաբար։ Այս անգամ Եւրոպական ատեանն է, որ բաւական ծանր պարտաւորութիւն կը դնէ ՀՅԴի ուսերուն։ Ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ Հայաստանի պետութեան։ Այդ պատասխանատուութիւնը բիւրեղի նման յստակ է եւ, աւելի ճիշդ, իրագործելի՝ ջանալ ամէն գնով չեղեալ նկատել որոշումը եւ տարբեր վճիռով փոխարինել զայն։
Հասկնալի է, թէ կրնայ կարելի չըլլալ այդպիսի ելք մը, բայց Ցեղասպանութեան ուրացումը ընել քրէական յանցանք ու պատժելի Եւրոպական Միութեան կողմէ, անկարելի պիտի չըլլայ ի հեճուկս երեւութապէս անյաղթահարելի արգելքներուն։ Ի վերջոյ եթէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրը անժամանցելի է, ապա նոյնքան կարելի է նաեւ փոխարինումը երկդիմի ու կասկածելի վճիռին։ Հետեւաբար, անկարելի չէ, որ Փերինչեքի ու անոր հետեւութեամբ թուրք պետութեան հրճուանքը տրուած վճիռին առիթով՝ անհրաժեշտաբար կարճատեւութեան մատնել, զայն վերածել ասուպային տեւողութեան, իսկ հրճուանքը վերածել յուսախաբութեան եւ այս բոլորը՝ նախքան Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան։
Այս փոփոխութիւնը իրականացնելու պատասխանատուութիւնը դրուած է ՀՅԴի ուսերուն։ Անցնող 125 տարուան օրհասական պահերուն մեր ժողովուրդին նայուածքը բեւեռուած էր ՀՅԴի վրայ։ Մեր օրերուն եւս, անկախ վճիռէն, անկարելի չէ որ չդիմագրաւենք մեր հողերու մասին ու մեր հաշուոյն պազարլըքի (սակարկումի) իրականութիւնը Ռուսիոյ որձեւէգ դիւանագիտութեան՝ Թուրքիոյ հետ ու հանգիտաբար նաեւ Ատրպէյճանի հետ (անկախ ներկայ ձգտուածութենէն)։ Փաստօրէն դառն ու ճակատագրական հետեւանքներուն զոհն ենք Մոսկուայի ու Կարսի դաշնագիրներուն։ Իրավիճակ մը, որուն իբրեւ հետեւանք կը ծագի այդ զոյգ դաշնագիրներու չեղեալ նկատումը բոլոր հետեւանքները նկատի ունենալէ ետք։ Դաշնակցութեան նետուած ձեռնոցը 21րդ դարուն այս է, ու այս նախաձեռնութեան յաջող իրականացումը հաւանաբար ըլլայ այն չափանիշը, որով պիտի չափեն ՀՅԴն յառաջիկային։
Ի դէպ, ատենին՝ Յիսնամեակին ու ատկէ ետք, մինչեւ 1989 ՀՅԴ կ՛ամբաստանուէր Ալեքսանդրապոլի «ամօթալի» դաշնագիրը ստորագրած ըլլալուն համար։ Քսանհինգ տարի է անցած Հայաստանի անկախութենէն, որպէսզի անոնք, որոնք այդ ածականը բերնի ծամոն էին ըրած, վերանայէին իրենց պարտադրուած սխալին՝ տեսնելու համար իրապէս սադրիչ ու ոճրամիտ եւ ոչ թէ միայն «ամօթալի», Կարսի ու Մոսկուայի դաշնագիրներուն մեզի պարտադրուած դիւանագիտական դիրտը։
125ամեակի առիթով անհրաժեշտ է յոխորտանքի փորձութեան դիմանալ որովհետեւ համեստութիւնը այդպէս կը պարտադրէ եւ աւելի կարեւոր, այս սերունդը որեւէ նպաստ չունի այդ նուաճումներուն մէջ։ Այդ «յաղթանակներ»ը Սիամանթոյի պատկերով իրենցն է, մեզ նախորդող սերունդներու խիզախումին արդիւնք, իրենց կեանքերու զոհաբերման շնորհիւ եւ որուն իբրեւ տրիտուր ունեցանք ու կոթողեցինք ներկայի Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Այս իրականութեան ի տես, Չարենցի մէկ խօսքը սքանչելիօրէն կ՛երկաթագրէ երեւոյթը. «Մենք մոնումենտ կանգնեցրինք մեզ համար դժուար մի դարում»։ Մեր սերունդը պիտի արժեւորուի իր նախաձեռնութեանց յաջողութեան կշիռով՝ Արցախի ազատագրական պայքարի վերջնական յաջողութեան ամրագրումով եւ հանգուցալուծմամբ։ Այդ արժեւորողը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի համայնական կարծիքը, ու որեւէ սայթքում պիտի ըլլայ ճակատագրականօրէն ահռելի ոչ միայն ՀՅԴի համար, այլեւ մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի գոյատեւման հեռանկարին համար։
***
Ներկայիս ՀՅԴ մաս կը կազմէ ՀՀ խորհրդարանին եւ իբրեւ այդպիսին իր պատասխանատուութիւններն ու պարտաւորութիւնները տարաբնոյթ են ու տարատեսակ եւ ուրեմն՝ դժուար նուաճելի։ Անհաւանական չէ, օրինակ, ոչ շատ հեռու ապագային ՀՅԴ դրուի անակնկալ կացութեան մը առջեւ՝ կազմելու ու առաջնորդելու նոր կառավարութիւն մը, ու, հետեւաբար, ամբողջ ժողովուրդի հայրենի թէ տարասփիւռ, ուշադրութեան կիզակէտը ըլլալ։ Կացութիւնը պիտի պահանջէ ու պարտադրէ ՀՅԴին ըլլալ հեռահայեաց եւ ունենալ իրապաշտօրէն իրագործելի ծրագիր մը, եւ պարզէ նաեւ, թէ ինչպէս պիտի իրագործէ իւրաքանչիւր հատուած այդ ծրագիրէն եւ տրամադրելի ժամանակը զանոնք վերածելու իրականութեան։
Այդ բոլոր ծրագիրներուն, նպատակներուն յառաջընթացին ընդհանուր խորապատկերին մէջ կը տարուբերի Թուրքիոյ հսկայական շուքը, որ կրնայ խափանել որեւէ նախաձեռնութեան յաջողութիւնը ճիշդ այնպէս, ինչպէս արեգակնային երկարատեւ շուքը պիտի չորցնէր ամէն բոյս ու, հետեւաբար, ամէն կեանք։ Կրնանք անտեսել Թուրքիան եւ անոր քաղաքական վարքագիծը Հայաստանի հանդէպ։ Բայց չմոռնանք. անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան, կը նշանակէ թէ խզած են իրենց կապերը իրականութեան հետ։ Կրնայ ըլլալ, եւ այդպէս ալ է գոնէ, մեր օրերուն չկարենանք վերատիրանալ Արարատին կամ Վանայ ծովուն, բայց անկարելի չէ որ ամէն ճիգ թափենք ստեղծելու, վերատեսութեան ենթարկելու թուրք վարժարաններու մէջ գործածուող դասագիրքերուն մէջ գոյութիւն ունեցող Ցեղասպանութեան ժխտումներ, պատմական սխալներ եւ տառացիօրէն հակահայ գաղափարախօսութիւն, որոնց վերջին օրինակը՝ վարժաններու մուտքի քննութեան հարցումներէն մէկուն հայ աշակերտը կը պարտաւորուի սեւին ճերմակ ըսելու նուաստացման, երբ հարցումի մը ճիշդ պատասխանը կը պարտադրէ աշակերտը ընտրելու «պետութիւնը ուզեց տեղահանութեան միջոցով վերջ տալ Անատոլուի մէջ հայերու գոյութեան» տարբերակը, երբ միւս երեք տարբերակները դիտաւորեալ կերպով ու յայտնօրէն սխալ ընտրութիւններ էին։ Այս ու տարբեր անճշդութիւններ կը վխտան իրենց դասագիրքերուն մէջ։ Արդ, հակառակ երեւութական անկարելիութեան, երբ վերջ ի վերջոյ Թուրքիա ստիպուի դէմ յանդիման գալու իր պատմութեան հետ ու ճանչնալ իրականութիւնը Ցեղասպանութեան, անկարելի չէ անճշդութեանց սրբագրումը, իբրեւ օրինակ ունենալով ֆաշական Գերմանիոյ նախընթացը։
Ուշադրութիւն անհրաժեշտ է խուսափելու անճահ, անտեղի եւ սնոտի լօզունգային տափակութիւններէն, որոնցմէ մին պարզուեցաւ Հարիւրամեակի միջոցառումներուն ընթացքին, երբ մարդիկ սկսան վանկարկելու «Թուրքիան ձախողեցաւ» անհեթեթութիւնը։ Ահռելի սխալ մըն էր, նման մարդոց հաշիշէն ստացած ցնորատեսական հանդարտութեան։ Եթէ թուրք գործակալներ կային ցուցարարներուն մէջ, եւ վստահաբար կային, ամէնէն շատ ուրախացողները իրենք պէտք է եղած ըլլային։ Որեւէ մէկը այդ պոռացողներուն հարցո՞ւց.
– Եթէ Թուրքիան վիժեցաւ, ապա իրենք ինչո՞ւ Վանի կամ Սեբաստիոյ կամ Կարսի մէջ չեն եւ ինչո՞ւ թուրքերը արաբական երկիրներու քաղաքացիներ չեն։
Որքա՜ն իրականութենէն խզուած պէտք է ըլլալ նման լոզունգներով քայլարշաւի մասնակցիլը, երբ թուրքերը մեր պապենական հողերուն ու հարստութեան տիրացած լկտի ամբարտաւանութեամբ մեզ կը դիտեն՝ մենք միշտ նվնվացողի, գանգատողի անբաղձալի դերին մէջ։ «Թուրքիան ձախողեցաւ»ը իւրայատուկ հակաբնական տրամադրութիւն կ՛ենթադրէ եւ այդպիսի անմտութեան հաւատալ կը նշանակէ ազգային գիտակցութեան ու մտածելակերպի ամբողջական բացակայութիւն։
Այս օրերուն ՀՅԴի ուսերուն կը ծանրանայ նաեւ Արցախեան հարցի բարւոք, ի նպաստ Հայաստանի, հանգուցալուծման պարտաւորութիւնը։ Կը խօսուի կարգ մը շրջաններ վերադարձնելու մասին։ Նման կացութեան մը պարագային անհաւանական չէ որ Թուրքիա նոյն օրն իսկ վաւերացնէ փորձանաւոր փրոթոքոլները եւ սահմանները բանայ, որովհետեւ իրենք մէկ կամ երկու շրջանի մասին կը խօսէին սահմանադռան բացման իբրեւ նախապայման, հիմա կը խօսոուի եօթը շրջան վերադարձնելու մասին։ Այս տեղեկութիւնները մամուլի մէջ տարտղնուած լուրեր են, եւ չենք ալ գիտեր, թէ կ՛իրականա՞ն, բայց մինչ այդ թերեւս ատենն է, որ ՀՅԴ իրականացնէ Արցախը Հայաստանին կցելու իրականութիւնը իբրեւ մաս իր առաջադրանքներուն եւ ձգելու՝ միջազգային դիւանագիտութեան իր իւղին մէջ տապկուելու։ Այլ խօսքով, վերջնականօրէն տէր կանգնելու մեր մարտիկներու ազատագրած հողերուն, մերը ըրած ըլլալնուն համար ա՛յն, ինչը մերն էր։ Ինչո՞ւ չէ նաեւ տալով առաջին հարուածը Մոսկուայի ու Կարսի դաշնագիրներու իրաւականութեան։ Չէ՞ որ կոմունիստ բախտախնդիրները՝ Լենինն ու զինք շրջապատող պնակալէզները, մեր հողերը այնքա՜ն վեհանձնօրէն նուիրեցին Աթաթուրքին՝ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի առ ի վարձատրութիւն… Թալէաթի, իթթիհատականներու սկսած սպանդը՝ հայաջնջումը, վերջնական ապահայացումը Արեւմտահայաստանին, յաջողութեամբ աւարտած ըլլալնուն համար։ Ատենը վաղուց է անցած ռուսերուն մեր շնորհակալութիւնը յայտնելու՝ իրենց սխալ հասցէագրուած բծախնդրութեան համար, յիշեցնելով միեւնոյն ատեն, թէ մենք մեզ պաշտպանելու ի վիճակի ենք ու կը մնանք այդպիսին, երբ խօսքը կը վերաբերի մեր հողերուն ու իրաւունքին, եւ երբ համայնավար հայ սադրիչներ ու սրիկաներ հայ մարտիկը չեն առաջնորդեր հայրենադաւութեան։
smargossian@sbcglobal.net