Վենետիկի Պօյ-Արաքս Մշակութային ընկերակցութեան, Վենետիկի «Studium Marcianum»
հաստատութեան հետ կազմակերպած Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-18: Քննութիւնները՝ Օգոստոս 19ին: Ժամանում՝ Յուլիս 30-31ին, մեկնում՝ Օգոստոս 20-21ին:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ՛ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ՝ առաւօտեան: Դասերուն ներկայութիւնը պարտադիր է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18:
Դիմումները պէտք է կատարել անձամբ եւ գրաւոր, նշելով միշտ հեռաձայնի թիւ մը եւ ելգրային (EM) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ:
Փափաքողներուն համար, կէսօրէն վերջերը, ձրիաբար պիտի աւանդուին նաեւ դուդուկի եւ հայկական պարերու դասեր։
Արձանագրութեան սակն է 750 եուրօ կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով, ըստ օրուան սակին:
Այս գումարին 500 եուրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ Մարտ 31: Այդ թուականէն ետք պէտք է վճարուի 550 եուրօ մինչեւ Յունիս 30, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը պէտք է վճարուի անպայման մուտքի օրը։
Վարկաթղթային վճար (Credit card) չ՛ընդունուիր: 10 տոկոս զեղչ մը կը կատարուի անոնց համար, որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): Արձանագրութեան սակը ո՛չ մէկ պարագայի կը փոխուի եւ կատարուած վճարումը որեւէ պատճառով չի վերադարձուիր։
Ամէն վճարագիր (չեք), որ պէտք է անպայման դրամատնային եւ միջազգային ըլլայ, եւ պէտք է հասցէագրուի միայն՝ Associazione Padus-Araxes եւ ղրկուի՝ Assoc. Padus-Araxes c/o Centro di Documentazione della Cultura Armena, Loggia del Temanza, Corte Zappa, Dorsoduro 1602, I-30123 Venezia։
Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չեքերը: Ամէն չեք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք, որոնք կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այս մասին հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշիւի թիւ, IBAN եւլն.): Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Իսկ փոստի միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային փոխանցագիրներու միջոցով՝ mandat-poste international/international money-order:
Դրամատնային կամ փոստային փոխանցման բոլոր ծախսերը կը պատկանին դիմորդին: Կ՛ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատուն մը, Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած՝ խոհանոցային յարմարութիւններով, Յուլիս 30-Օգոստոս 20 ներառեալ: Ամբողջ այս շրջանին համար, բնակութեան սակն է՝ 880 եուրօ առանձին սենեակի մէջ, 650 եուրօ երկու հոգինոց սենեակի մէջ, երկու պարագային ալ՝ լոգարանային յարմարութիւններով օժտուած: Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանին ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի: Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, Համալսարանի սեղանատան կամ այլ պայմանագրուած հաստատութեան մը մօտ պիտի արժեն շուրջ 9 եուրօ:
Անոնք, որոնք կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ ժամանել կամ աւելի ուշ մեկնիլ, պէտք է իրենք հոգան իրենց բնակութեան յարմարութիւնը այդ օրերուն համար:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ելգիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէներուն՝ daniela@padus-araxes.com;
benedettacon@gmail.com: Ի հարկին հեռաձայնել բջիջայնի թիւերուն՝ + 39.347.4562981 (Դանիէլա) եւ + 39.349.0986027 (Բենեդէտտա) Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10:30-13:00, կամ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ իրիկունները, ժամը 20:00-21:30 (Իտալիոյ ժամով): Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը:
Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի պատգամ մը թողուլ բջիջայինի ընկալուչին՝ նշելով անուն եւ հեռաձայնի թիւ:
Երբեք չհեռաձայնել Վենետիկի համալսարան կամ որեւէ այլ իտալական հիմնարկի գրասենեակ:
(Հաղորդագրութիւնը՝
հաստատութենէն)