ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք անցեալ Կիրակի, 17 Յունուարին, Փասատինայի Սիվիք հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ 125ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին փոխանցուած ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի պատգամը.
Այսօր մենք բոլորս ու մեր ընդմէջէն մեր համայնքը կը միանանք մեր համաշխարհային ազգի զաւակներուն, ամէնուր, նշելու համար Դաշնակցութեան Օրը եւ տօնելու համար այս կազմակերպութեան 125ամեայ երթը, որ սկիզբ առաւ Թիֆլիսէն, ապա՝ Կարսէն, Պոլիսէն, Մուշէն եւ Սասունէն, ապա անցաւ Երեւան ու Շուշի, արտաքսուելու համար դէպի Հալէպ, Գահիրէ, Թեհրան եւ Պէյրութ, հասնելու համար Պոսթըն, Լոս Անճելըս եւ Սիտնի, միշտ ու միշտ վերադառնալու համար Երեւան, Ստեփանակերտ, Ախալքալաք եւ Տիգրանակերտ:
125ամեայ երթը եւ ուղեւորութիւնը սկիզբ առած են, բայց դեռ չեն յանգած, որովհետեւ չէ իրականացած երազը:
125ամեայ երթը սկիզբ առաւ երազով, մեծ երազով մը, որ օրին գուցէ անկարելիութիւններու կամ նոյնիսկ խենթութիւններու շարքին նկատուեցաւ, բայց եւ ծնունդ տուաւ գաղափարախօսութեան մը, որ իր մէջ խտացուց հայուն ազատ ու անկաշկանդ ապրելու տենչը, որ իր հիմքը գտաւ հայ ազգի յաւերժականութիւնը եւ հզօրութիւնը երաշխաւորելու գործին մէջ եւ որ իր տրամաբանական խարիսխը գտաւ հայապատկան հողերու վրայ ծաւալող ամբողջական Հայաստանի մը իրականացման մէջ:
125ամեայ երթը սկիզբ առաւ ժողովուրդին մէջէն. մտաւորականը, զինուորը, բարեկեցիկ ու համեստ տնտեսական կարողութիւններու տէր, ուսեալ ու սահմանափակ ուսումի տէր մարդիկ, կիներ, երիտասարդներ, մէկ խօսքով՝ հայե՛ր, բոլորը ի մի գալով՝ հասկցան, թէ իրենց հատուածական նեղ հայեացքներէն ու շահերէն անդին աւելի հզօ՛ր գաղափար մը կայ սպասարկուելիք:
Այս գաղափարախօսութիւնը ազգի տենչն էր ու է՛, պոռթկումն էր ու է՛, հարազատօրէն հայկական էր ու է՛, այժմէական էր ու տակաւին է՛, տրամաբանական ու գործնական էր ու տակաւին է՛, խրոխտ էր ու պայծառ… եւ տակաւին է՛:
Սա, խնդրեմ, որպէս հռետորական հաստատում մի՛ ընդունիք, այլ՝ որպէս իրականութեան մը նկարագրութիւնը: Փաստօրէն, ջարդերն ու արհաւիրքը, տեղահանութիւնն ու ճնշումները, քաղաքացիական պատերազմն ու պետական հալածանքները, տնտեսական ճգնաժամերն ու ճնշումները, ապիկար իշխանութիւններ կամ անբարոյ գերպետական ճնշումներ, ներգաղթն ու արտագաղթը, բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները, ոչ թէ միայն չկրցան մաշեցնել կամ խամրեցնել Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը, այլ ժամանակի գլորումով, փորձառութիւններու ազդեցութեամբ, այդ գաղափարախօսութիւնը դարձուցին սրբազան, դարձուցին զայն համայն հայ ազգի գաղափարախօսութիւն, որմէ մաս մը, կտոր մը այսօր կայ իւրաքանչիւր գիտակից հայու սիրտին ու հոգիին մէջ՝ Եռագոյնով շպարուած:
Այդ գաղափարներն են, որոնք կազմեցին ու այսօր կը կազմեն հայու ազգային դաւանանքը, ոչ թէ որովհետեւ յաղթանակեցին Դաշնակցութեան գաղափարները, այլ որովհետեւ ազգը ընտրեց Եռագոյնի ազատատենչութեան ուղին:
Եւ Դաշնակցութիւնը գործեց այնպէս, ինչպէս որ հայ ժողովուրդի բոլո՛ր խնդիրները, հոգերը՝ լինելութեան խնդիրներէն մինչեւ մասնակի-համայնքային հարցեր, բոլորն ալ ի՛ր ուսերուն վրայ ծանրացող, ի՛ր անմիջական պարտականութիւնները ըլլան: Այսպէս գործեցին մեզմէ առաջուանները, այսպէս կը գործենք մենք եւ այսպէս ալ պիտի շարունակենք գործել: Ուստի, երբ այսօր խօսինք Դաշնակցութեան մասին, սխա՛լ է պատկերացնել կազմակերպութիւն մը, որ իր շարքայիններուն եւ ղեկավարութեան տարածքն է ու սեփականութիւնը, այլ կը խօսինք հայ ազգին պատկանող, ձեզմէ իւրաքանչիւրին պատկանող, ապրո՛ղ, գործո՛ղ, վերանորոգո՛ղ արժէքի մը մասին:
Չենք խօսիր հաւաքականութեան մը մասին, որ միայն հարուստին, միայն չքաւորին, միայն ուսեալին տեղն է, այլ՝ կազմակերպութեան մը մասին, որ կը ներկայացնէ բոլորի՛ն, բոլոր խաւերուն համադրուած տենչերն ու կամքը:
Դաշնակցութեան Օրը հաշուետուութեան օր է, սիրելինե՛ր: Հաշուետուութիւն՝ այն ծառայութեան համար, զոր կազմակերպութիւնը կ՛իրագործէ՝ ըստ իր առաքելութեան եւ իր խոստումին, յանուն հայ ազգի իտէալներուն: Հաշուետուութիւնը ոչ թէ հպարտութեան պահեր ապրելու համար է՝ ի տես յաջողութիւններուն եւ իրագործումներուն, այլ՝ ընդհակառակը, առաջնորդուելու անբաւարարութեան զգացումով եւ անկատարը իրագործելու վճռակամութեամբ:
Երանի այստեղ, այս բեմէն, մենք ժամանակն ու առիթը ունենայինք մանրամասն զեկուցելու ձեզի մեր Մարմիններուն ու մեր շարքերուն աշխատանքին մասին: Երանի կարենայինք մանրամասն թուարկել շրջանով մէկ տարածուած 18 կոմիտէութիւններուն ամէնօրեայ աշխատանքին մասին, որ կը կեդրոնանայ համայնքային կեդրոններուն կեանք տալու եւ համայնքին ծառայելու աշխատանքին վրայ, սակայն կ՛անցնի անկէ շատ հեռուն:
Անկարելի է մանրամասն զեկուցել Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքին մասին, որոնց լծուած գրասենեակներն ու անոնց զօրակցող մեր ընկերները մեղուներու նման կը գործեն, կամ՝ մեր ամէնօրեայ մամուլի ծառայութեան ծաւալին մասին, որ առօրեայ հեւքով հարիւր հազարներու կը հասնի եւ անոնց կողմէ կը գնահատուի:
Երիտասարդական, պատանեկան, ուսանողական աշխատանքներուն մասին, այս վերջիններուն կողմէ Հայաստանի մատղաշ սերունդին հասնող ծրագիրներուն մասին, կամ համալսարաններու մէջ իրենց փայլուն Activism-ին մասին, եւ դեռ, մեր ուղեկից միութիւններու աշխատանքին ազդեցութեան մասին… Այդ բոլորին ականատես էք դո՛ւք, աշխատանքի արտադրութեան քանակին ու քանակէն աւելի՝ որակին վկան էք դուք եւ մեր համայն համայնքը:
Դաշնակցութեան Օրը, ուրեմն, նաեւ ինքնարժեւորման առիթ է ու պէ՛տք է որ ըլլայ: Դէպի ներս ուղղուած հայեացքով, մենք զմեզ վերլուծելու եւ մեր ըրածը, կամ աւելի կարեւորը՝ չըրածը, արձանագրելու առիթ է: Պիտի խոստովանինք, որ շա՛տ են մեր սայթաքումները, շ՛ատ են մեր իսկական կարողականութիւնը սահմանափակող խնդիրներն ու կազմակերպական երեւոյթները, որոնք անմիջական սրբագրութեան կը կարօտին, եւ որոնց պատճառով անբաւարարուածութեան զգացումը կ՛ապրինք ամէն օր, ամէն պահ:
Դաշնակցութեան Օրը նաեւ եւ ամէնէն կարեւորը՝ վերանորոգուելու առիթ է ու մեր հաւաքական ուխտը վերանորոգելու պատեհութիւն: Յիշելու եւ զիրար յիշեցնելու, թէ մեզ՝ դաշնակցականներս, զիրար կը միացնեն մեր գաղափարախօսութիւնը գործի վերածելու յանձնառութիւնն ու ուխտը, որոնք վե՛ր են՝ «ես»երու ազդեցութիւններէն: Մեզմէ իւրաքանչիւրը, որքա՛ն ալ հզօր ու հնարամիտ, վերջ ի վերջոյ ժամանակաւոր է, գնայուն է, ինչպէս եկան, գործեցին ու մեկնեցան տասնեակ հազարաւոր մեծեր, խոնարհ հերոսներ ու համեստ շարքայիններ: Մնայունն ու հզօրացողը ա՛զգն է ու անոր ծառայող Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնն ու գործը՝ յաւերժ ջինջ, յաւերժ պայծառ, յաւերժ սլացքի մէջ:
***
Մեր համայնքի ժողովուրդը մեր ամէնօրեայ ուշադրութեան կիզակէտն է ու կեդրոնը: Ան մեր բանակն է ու մեր ընթացքի դատաւորը՝ հաւասարապէ՛ս: Իսկ մենք, մենք բոլորս, ինչպէս բոլոր կազմակերպութիւնները, այս համայնքի ծառայողներն ենք ու ղեկավարութիւնը՝ հաւասարապէ՛ս։
Այսօր, Ուաշինկթընէն մինչեւ Մոսկուա ու Անգարա, հայեացքները ուղղուած են դէպի մեր համայնքը, դէպի լոսանճելըսահայութիւն, հասկնալու համար մեր ազգային ներուժի կարողականութիւնն ու գաղտնիքը եւ այս բոլորին ներգործութիւնը՝ քաղաքական հաւանական իրադարձութիւններու մէջ:
Այսօր, Հայաստանէն մինչեւ սուրիահայութիւն, Արցախէն մինչեւ Լիբանան ու անդին, մեր ազգակիցները անձնկութեամբ եւ ակնկալութեամբ կը դիտեն մեզ, որպէսզի հասկնան, թէ որքա՛ն նպատակասլաց պիտի դարձնենք մեր հաւաքական ուժի ազդեցութիւնը, եւ թէ ի՛նչ նոր ձեւաչափերով պիտի մասնակցինք ընդհանուր գործին:
Իսկ մենք համոզուա՛ծ ենք մեր ուժով: Ուժ, որուն մէկ մասնիկը մենք միասնաբար ցուցադրեցինք անցեալ Ապրիլ 24ին, եւ հոն 160,000 հայերով, յանուն 1 միլիոն ա՛յս ափի հայութեան, յանուն 1.5 միլիոն հայ զոհուած սուրբերու յիշատակին եւ յանուն 10 միլիոն հաշուող մեր համաշխարհային ազգի բոլո՛ր զաւակներուն, իրարու աչքերուն նայելով եւ ուս-ուսի՝ ուխտեցինք շարունակել պայքարը մինչեւ ամբողջական յաղթանակ: Երդուեցինք մնալ պահանջատէ՛ր:
Պահանջատէ՛ր՝ առաջին հերթին Թուրքիոյ բռնապետութենէն, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր հարիւրամեայ ոճիրը: Անոր դէմ մեր պայքարը մենք կը շարունակենք ու պիտի սաստկացնենք, յանուն մե՛ր Դատին, բայց նաեւ յանուն մարդկութեան, որպէսզի յաղթանակէ արդարութիւնը եւ որպէսզի Թուրքիան ոչ միայն ընդունի իր մեղքը, այլ վերադարձնէ իր զաւթածը իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին:
Պահանջատէր ենք ատրպէյճանական բռնակալութենէն, որ ռազմատենչ քաղաքականութեամբ եւ շարունակական ոճրագործ գործողութիւններով կը խախտէ հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնը եւ կը վտանգէ մեր երկրի ապահովութիւնը: Արցախի հողը սուրբ է եւ հայապատկան: Հոն ոչինչ կայ սակարկելի:
Պահանջատէր ենք ՀՀ իշխանութիւններէն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր պետականութեան ներքոյ բնակող մեր քոյրերն ու եղբայրները աւելիին ու աւելի լաւին արժանի են, քան՝ իրենց տրուածը այսօր: Մենք՝ հայ ազգը, ո՛ւր ալ կայք հաստատած ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրը, պահանջատէր է աւելի՛ արդար ու պայծառ Հայաստանի մը գոյութեան համար: Հասկնալի է, որ երկրի մը շինութիւնը ժամանակի կը կարօտի, եւ՝ մեծ զոհողութիւններու: Բայց նաեւ համոզուած ենք, որ ահա ՀՀ անկախութեան 25րդ տարին է եւ տակաւին ճիգերը շատ ճղճիմ են եւ անբաւարար։
Հայաստանը կեդրոնն է մեր համազգային իտէալներուն, եւ Հայաստանի բնակչութիւնը խարիսխն է մեր երկրին: Մենք պահանջատէր ենք, որ սրբագրուին իշխանութիւններու ընթացքն ու գործունէութեան շունչ տուող կոռուպցիան (փտածութիւնը), որպէսզի սկիզբը դրուի գործընթացի մը, որ Հայաստան վերադառնայ յոյսն ու պայծառութիւնը, եւ ան դառնայ լիարժէք կերպով մեր հպարտութեան կեդրոնը:
Պահանջատէր ենք նաեւ մե՛ր համայնքի կառոյցներէն ու կազմակերպութիւններէն՝ մեզի ուղեկցող թէ մրցակից:
Պահանջատէր ենք մենք մեր հայկական վարժարաններէն, բոլորէ՛ն անխտիր, ու զանոնք վարող Մարմիններէն, որպէսզի իրենց յոյժ գնահատելի աշխատանքին մէջ վերակենդանացնեն հայախօսութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան արժէքները, որոնք անոնց գոյութեան իմաստն են, ինչ որ, համոզուած ենք, աւելի նպատակասլաց պիտի դարձնէ անոնց առաքելութիւնը: Այս եռուն եւ եռանդուն համայնքէն ներս ո՛չ մէկ հայկական վարժարան պէտք է փակուի, այլ մեր ակնկալութիւնն է, որ մեր ուսումնական մարմինները նոր որակով, նոր թափ տան վարժարաններուն, եւ անցնին անոնցմէ անդի՛ն, հասնելու համար 100,000է աւելի հաշուող հայ աշակերտութեան, որ ներկայիս հանրային վարժարաններ կը յաճախէ եւ մեր հաւաքական կեանքի գանձերէն մին կը կազմէ:
Պահանջատէ՛ր ենք մեր հոգեւորական կառոյցներէն ու եկեղեցիներէն, որպէսզի յաւելեալ հոգեւոր շունչ փոխանցեն ու խօսին երիտասարդութեան լեզուն՝ այս ափերուս նիւթապաշտութեան եւ բացարձակ անձնասիրութեան զոհ գացող մեր ժողովուրդի զաւակները հոգեկան հաւաքագրումի բերելու համար:
Մենք պահանջատէ՛ր ենք նաեւ մեր երիտասարդութենէն, որպէսզի ան նուաճէ նոր որակ, նոր սլացք, որպէսզի ան յախուռն բայց կարգապահ, իրատես բայց նպատակասլաց, գործնական բայց իտէալներով կոփուած՝ կարենայ մաքրել ու սրսկել մեզ նոր արիւնով, նոր աւիշով, որպէսզի ան կարենայ իրագործել այն, ինչի մասին մենք երազեցինք եւ խօսեցանք, բայց չկրցանք գործը տեղ հասցնել:
Պահանջատէր ենք, վերջապէս, մենք մեզմէ, որպէսզի կարենանք մեր խօսքը գործի վերածել ու միշտ գտնուիլ անձնազոհութեան առաջին գիծերուն վրայ: Պահանջատէր ենք, որպէսզի կարենանք մեր քանակը իսկական որակի վերածել, որպէսզի կարենանք մեր համայնքը հայկական պահանջատիրութեան իսկական մայրաքաղաքի վերածել:
Պահանջատէր ենք ու պահանջատէր կը մնանք հոգիով, սիրտով եւ մանաւանդ՝ գործով: Եւ եթէ մեր ազգային պահանջատիրութեան խորհրդանիշը մեր հաւաքական, պրկուած բռունցքն է, ապա այս համայնքը՝ Լոս Անճելըսի հայութիւնը, պարտի ըլլալ այդ բռունցքի բթամատը:
Մի՛շտ հաստատուն, մի՛շտ առաջին գիծի վրայ, մի՛շտ զգօն, մի՛շտ պատրաստ եւ միշտ միասնական:
Այստեղ ինչպէ՞ս չյիշել ու չյիշեցնել առեւանգումի անարգ ոճիրի զոհ դարձած մեր մեծերէն Սարգիս Զէյթլեանի յորդորը, որ կ՛ըսէ.
«Միասի՛ն ըլլալ, միասի՛ն պայքարիլ, միասի՛ն յոգնիլ, միասի՛ն տխրիլ եւ միասի՛ն հրճուիլ. մէ՛կ զգալ տասնեակ հազարներու մէջ, եւ տասնեակ հազար անգամ զօրաւոր զգալ իւրաքանչիւր անձի մէջ: Չկայ աւելի մեծ զգացում՝ մարդկային հոգիի ստեղծագործ հանճարին թռիչք ու թափ տուող զգացում, քան այն զգացումը, որ՝ կը նկատես, թէ երբ կը հարուածես, բազուկիդ հետ կը հարուածեն տասնեակ հազարներ. երբ ճակատդ կը բարձրացնես, քեզի հետ իրենց ճակատը բարձր կը պահեն տասնեակ հազարներ: Չկայ աւելի վսեմ զգացում, քան այն զգացումը, որ՝ երբ դուն արիւն կու տաս երակներէդ, արդէն տասնեակ հազարներու արցունքը կը սրբես եւ դողացող մանկան վախի-սարսափի դողը ժպիտի կը վերածես…»:
Եւ ուրեմն, սիրելինե՛ր, արտօնեցէք, որ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի իւրաքանչիւր շարքայինի անունով խտացնեմ այսօրուան պատգամը՝ ձեր բոլորին անունով, ու ձեր ընդմէջէն՝ մեր 1 միլիոն հայ համայնքայիններուն անունով… արտօնեցէք, որ բարձրացնեմ մեր հաւաքական պահանջատիրութեան ալիքը եւ յայտարարե՛մ, որ մենք պիտի մնանք մէ՛կ եւ միասնական, պիտի մնանք մէ՛կ եւ նուիրուած ազգին ու անոր իտէալներուն, մէ՛կ, մէ՛կ բռունձք եւ պահանջատէր:
Յանուն մեր Սրբազան Դատին.
Յանուն իսկապէ՛ս Ազատ, գերազանցապէ՛ս Անկախ,
Եւ անսակարկելիօրէն Ամբողջական Հայաստանի:
————————————————————————
Լուսանկարները՝ ARKA-Ի