ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յանուն արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, անոր կենսունակութեան պայքարը այսօր ամէնէն հետեւողական ձեւով ստանձնած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան հայկական բաժինը՝ տոքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի գլխաւորութեամբ:
Կիւլպէնկեան հաստատութեան այս բաժինը, որ անցեալին բաւարարուած է մի՛շտ օգտակար բայց աւելի կրաւորական գործունէութեամբ՝ կրթաթոշակներ բաշխելով, կրթական հաստատութիւններու նիւթական աջակցութիւն շնորհելով եւ որոշ հրատարակչական եւ ուսումնասիրական աշխատանքներ հովանաւորելով, այժմ թեւերը սոթտելով՝ իջած է հրապարակ ու յաջորդական նախաձեռնութիւններով արեւմտահայերէնի ճակատագիրը բոլորիս ուշադրութեան կեդրոն դարձուցած:
Մամուլի տեղեկագրութիւններուն հետեւողները կը տեսնեն, թէ այսօր արեւմտահայերէնի վիճակին մասին հասարակական զգօնութիւն բարձրացնելու Կիւլպէնկեան հաստատութեան հայկական բաժինին աշխատանքը աննախընթաց տարողութեամբ առաջ կը տարուի՝ Սփիւռքի եւ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ:
Ակադեմական քննարկումներէ, խորհրդաժողովներէ, զրոյցներէ անդին անցնելով՝ զգալի է գործնական քայլեր առնելու նախանձախնդրութիւնը, միջոցները (որոնք դժբախտաբար սահմանափակ են) ճի՛շդ ուղղորդելու ու անոնց ամէնէն բարձր արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու բծախնդրութիւնը:
Այսօր հարցը կ՛արծարծուի, խնդիրը յստակօրէն բանաձեւելու ճիգ կը թափուի եւ լուծումներու մասին մտածելու հարթակներ կը ստեղծուին, մասնագէտներու հասցէները կը ճշդուին եւ զանոնք աշխատանքի մէջ ներգրաւելու քայլեր կ՛առնուին:
Ոգեւորութեամբ կ՛արձանագրենք այս փաստերը՝ հրաւիրելով մեր համայնքներու պատասխանատուները ամէն կերպով աջակցելու ծրագրուած աշխատանքներուն, խրախուսելու, ընթացք տալու եւ հարկ եղած պարագային՝ գործնականօրէն նպաստելու անոնց:
Ամէնէն դժուարը, անշո՛ւշտ, արեւմտահայերէնը մեր կեանքին, մեր շրջապատին մէջ ապրող լեզուի մը վերածելն է, հասնիլն է այն նպատակակէտին, ուր զայն երիտասարդութեան շուրթներէն լսելը բնական երեւոյթ պիտի ըլլայ: Կիւլպէնկեանի խումբը իջած է մարտադաշտ. զինակցի՛նք իրեն:
My hat is off to the Gulbenkian Foundation for this very important job that they have taken on much more actively. Any chance that they can work with and assist the AGBU central board members in converting them against their short sighted, unbelievable selfish attitude of closing Armenian diaspora schools one after another, including the most important joule of them all, the Melkonian Institute, under the false pretence and uneducated lie, that it is not important to speak Armenian to be an Armenian?
Some of the member’s inability to speak Armenian should not be a justification for one of the main policies that AGBU was fundamentally based on during its inception.
Բարեւ շահեկան նիւթ է: Բոլոր հայ լեզուի ջատագով հանդիսացող անհատներու մտահոգութիւնն է երկար տարիներ ի վեր: Լուծումը՝ անշուշտ հայախօսութիւնն է եւ ո՛չ թէ, միայն հայ զգալը: Երգահանդէսներու նման զարգանալու են մանտապանեկան ՀԱՅԱԽՕՍ բեմադրութիւններն ու տիկնիկային ՀԱՅԱԼԵԶՈՒ թատրոնները, որոնց միջոցաւ մանուկը, պատանին եւ ի՛նչու չէ ծնողքը պիտի կապկէ իր սիրած հերոսները ու սիրէ, հպարտանայ եւ պաշտպանէ զայն ու յաղորդակցի հայերէնով: