ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ մէջ, «Պելկէ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Ա. Կեսարի հեղինակած «Այնթապի Գոյամարտը» գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը: Հատորին թարգմանիչներն են թուրք ուսումնասիրողներ Մուրատ Ուչաներ եւ Ումիթ Քուրթ:
Գիրքին մէջ ներկայացուած են 1920ի Ապրիլ 1էն մինչեւ 1921ի Դեկտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին, Այնթապի մէջ տեղի ունեցած եւ յատկապէս այնտեղի հայութեան առնչուող բոլոր դէպքերը:
198 էջերէ բաղկացած այս գիրքը թուրք ընթերցողներուն առիթ կու տայ ծանօթանալու այդ շրջանի իսկական պատմութեան:
Յիշեցնենք, որ անցեալ Սեպտեմբերին, Հայաստան այցելած Մուրաթ Ուչաներ նշած էր, թէ ինք «Այնթապի Գոյամարտը» գիրքը թրքերէնի թարգմանած է՝ սրբագրելու համար թրքական պաշտօնական պատմագրութիւնը, ուր կը պնդուի, թէ Այնթապի մէջ քեմալականները «պայքարած են ֆրանսական կայսերապաշտական ուժերուն դէմ»։
Վերոյիշեալ գիրքը կը փաստէ, թէ քեմալական ուժերը իրականութեան մէջ ոչ թէ «բռնագրաւող Ֆրանսա»ին դէմ պայքարած են, այլ կռուած են այնթապահայութեան դէմ: