ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը Յունուար 29ին յայտարարած է, թէ թրքական ընկերութիւններուն վաճառուող կազի գիներուն վրայ տրուած զեղչերը այսուհետեւ չեղեալ պիտի համարուին: «Կազփրոմ»ը 2015ի Յունուարէն ի վեր թրքական ընկերութիւններուն կազ կը վաճառէր 10.25 տոկոս զեղչով: Նշենք, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները սկսած են վատթարանալու նախորդ տարուն Նոյեմբեր 24էն ի վեր, երբ թրքական օդուժը զգետնած էր Թուրքիոյ սահմանին մօտ թռիչք կատարող ռուսական ռազմական օդանաւ մը, որմէ ետք Մոսկուա շարք մը սահմանափակումներ եւ պատժամիջոցներ որդեգրեց Թուրքիոյ դէմ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.