ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Սուր-իոյ պատերազմէն տուժածներուն օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով Փետրուար 4ին կայացած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Սուրիոյ հնգամեայ քաղաքական ճգնաժամին պատասխանատու նկատեց միջազգային հանրութիւնը։ Ան ցաւ յայտնեց սուրիական տագնապին լուծում մը գտնելու բանակցութիւններու սառեցման համար։
«Սուրիոյ հարցով բանակցութիւններու կասեցումը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն խորունկ են տարակարծութիւնները կողմերուն միջեւ։ Դադարը պէտք է գործածուի բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու եւ ոչ թէ մարտադաշտի վրայ նոր դիրքեր գրաւելու համար», ըսաւ ան՝ ամենականուխ առիթով բանակցութեանց սեղան վերադառնալու կոչ ընելով Սուրիոյ հակամարտ կողմերուն։
Նշենք, որ միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին, Սուրիոյ քաղաքացիներուն օժանդակելու նպատակով մօտաւորապէս 10 միլիառ տոլար խոստացուեցաւ։