ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական խորհրդարանը Փետրուար 4ին միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ «ցեղասպանութիւն» կ՛որակէ ինքզինք «Իսլամական պետութիւն» հռչակած ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, եզիտիներուն եւ կրօնական ու ազգային այլ փոքրամասնութիւններուն դէմ կատարուած սպանդներն ու հալածանքը:
Բանաձեւը ներկայացուած է շուէտացի եւրոխորհրդարանական Լարս Ատաքթուսընի կողմէ։