
Շուրջ Շաբաթ մը առաջ, Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ հանդիպեցայ Հայաստանցի ընկերոջս՝ Գարիկին։ Ինքն ալ, ինծի նման, Պէյրութ կ՛երթար անձնական կիսաւարտ գործեր կարգի բերելու նպատակով։ Մինչ կը սպասէինք մեկնումի ազդանշանին, Հալէպցի ծանօթ զոյգ մը՝ Գօգօն եւ իր կինը, եկան եւ տեղաւորուեցան մեր մօտ։ Բարեւելէ եւ առողջութեան ու ընտանիքի մասին փոխադարձ հարցուփորձէ ետք, սկսանք խօսելու Սուրիոյ եւ Հայաստան ժամանած սուրիահայ փախստականներուն մասին։
– Այս ճամբորդները կը տեսնէ՞ք, 90 տոկոսով սուրիահայ փախստականներ են. բոլորն ալ Պէյրութ կ՛երթան՝ «Հայ Տուն» ծրագիրով Գանատա արտագաղթելու։ Ճիշդը՝ իմ տղաս ալ գնաց, հիմա կ՛ուզէ, որ մենք ալ մեր թուղթերը յանձնենք եւ ետեւէն հասնինք Թորոնթօ,- ըսաւ Գօգօն։
– Մի րոպէ, մի րոպէ… «Հայ Տուն» ծրագրով ո՞նց Գանատա են արտագաղթում։ Ես էլ մինչեւ հիմա հաւատում էի, որ հայերի տունը Հայաստանն ա. էդ ե՞րբ փոխուեց յանկարծ,- զարմացած հարց տուաւ Գարիկ։
– Ես ի՛նչ գիտնամ։ Ես Հալէպի գործս պահած եմ, Երեւանի մէջ ալ հարց չունիմ, հանգիստ կ՛ապրիմ, բայց հիմա տղաս ու թոռնիկներս հոն են, Գանատա՛։ Կրնային հոս ալ մնալ, նիւթականի խնդիր չունինք, բայց հոն աւելի լաւ ապագայ կայ եղեր։ Հիմա մի՛ մեղադրէք… Պյէրութ գացող այս բոլոր սուրիահայերը անգործ մնացեր են, ապրուստի դժուարութիւններ ունին, Հալէպն ալ շատ վտանգաւոր է, ատոր համար «Հայ Տուն»ով Գանատա պիտի դիմեն,- բացատրեց Գօգօ։
– Դէ որ տե՛նց ա, ուրեմն սահմանամերձ հայերին էլ ներառենք «Հայ Տուն» ծրագրում։ Նրանք էլ են անգործ, ապրում են թշուառութեան մէջ, հացի ու բժշկի փող չունեն, ամէն օր գնդակոծւում են ատրպէյճանական դիրքերից, կեանքները վտանգուած ա, տալիս են զոհեր… բա հիմա ի՞նչ անենք՝ սաղին հաւաքենք-տանենք Գանատա՞… Որ ի՞նչ անեն, որ Հայաստանը հեռուի՞ց սիրեն,- բարկացած ըսաւ Գարիկ, որուն ընտանիքը կու գար Տաւուշի սահմանամերձ շրջաններէն, իսկ ինք, 90ական թուականներուն, Արցախեան ազատագրական պատերազմի զինուորագրեալներէն եղած է։
Գօգօն, ի հարկէ, նմանօրինակ արձագանգ չէր սպասեր Գարիկէն, պարզ այն պատճառով, որ Երեւանի մէջ հաւանաբար շատ լսած էր հայաստանցիներու արտագաղթելու ցանկութիւններուն մասին։ Հաւանաբար, շատ հայաստանցիներ բարի նախանձ արտայայտած էին, երբ իրմէ տեղեկացած էին Գանատա տեղափոխուելու իրեն ընձեռուած հնարաւորութեան մասին։
– Էսա՛, չզարմանաք, հիմի արդէն շատ հայաստանցիներ կը փորձեն սիրիական քաղաքացիութիւն ձեռք բերել, որպէսզի նրանք էլ թողնեն գնան։ Մինչեւ էսօր Սփիւռքի նախարարութիւնով «Արի՛ Տուն» էինք քարոզում, հիմի էլ «Հայ Տուն»ով Գանատա ենք տանում։ Ես սենց բան պատկերացնել չէի կարող, սա արդէն աբսուրտ ա,- բորբոքած շարունակեց Գարիկ։
Գօգօն զարմացած ինծի կը նայէր՝ հաւանաբար միջամտութիւնս ակնկալելով։ Ես ալ բացատրութիւն չունէի, կը ճանչնայի Գօգօն ու իր կինը եւ գիտէի իրենց նախընտրութիւնը։ Գանատան չէ՛ր կրնար իրենցը ըլլալ։ Չէի կրնար հարցականի տակ առնել իրենց հայրենասիրութիւնը, բայց միաժամանակ, կը հասկնայի յառաջացած այս տարիքին՝ զաւակին ու թոռնիկներուն հետ ըլլալու իրենց ցանկութիւնը։ Կը հասկնայի նաեւ Գարիկի բարկութեան պատճառը։ Արիւն ու քրտինք թափած էր ան՝ յանուն հողահաւաքի եւ հայահաւաքի։ Իսկ հիմա ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ…
– Ո՞ւմ մեղադրենք, ո՞ւմ բողոքենք, լսողը ո՞վ ա,- կը մրմրթար ան քիթին տակէն։
Վերջապէս օդանաւի մեկնումին ազդանշանը տրուեցաւ։ Գարիկը, Գօգօն, իր կինը եւ ես՝ անխօս բարձրացանք օդանաւ։
Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com
Շատ հետաքրքրական իրականութիւն. Այո ում մեղադրել. «Հայ Տուն» դէպի Քանատա Թէ Հայաստան. Իսկապէս Ցաւալի իրականութիւն. Գագիկը շատ իրաւունք ունի բարկանալու.« Որ ի՞նչ անեն, որ Հայաստանը հեռուի՞ց սիրեն».
Բարեւներով եւ լաւագոյն յաջողութիւններ