ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ներկայիս, երբ Միացեալ Նահանգներու երկու հիմնական կուսակցութիւնները սկսած են նախնական ընտրութիւններ իրականացնելու՝ այս տարուան աշնան կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն իրենց ներկայացուցիչները որոշելու համար, ամերիկահայերը կը փորձեն կողմնորոշուիլ, թէ ութ թեկնածուներէն որո՞ւն տան քուէ:
Կը փափաքէի առաջարկել, որ ասկէ ետք հայերը ձեռնպահ մնան նախագահի թեկնածուներուն դիմելու այն հարցումով, թէ ընտրուելու պարագային արդեօք պիտի ճանչնա՞ն Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Գոյութիւն ունի երկու խնդիր կապուած այս հարցադրման.
- Հիասթափեցնող նախկին փորձերէն հայերը պէտք է հասկնան, որ չեն կրնար վստահիլ թեկնածուներէն շատերու տուած խոստումներուն.
- Կարիք չկայ այսպիսի խոստում մը խնդրելու, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բազմիցս ճանչ-ցուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան տարբեր ճիւղերու կողմէ, շատ տարիներ առաջ.
ա. 1951ին պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացուած է Միջազգային դատարան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ.
բ. 1975 եւ 1984 թուականներուն բանաձեւեր ընդունուած են Ներկայացուցիչներու տան կողմէ.
գ. Նախագահ Ռեկընի 22 Ապրիլ 1981ի Հռչակագիրը յիշատակած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Աւելի՛ն. Ցեղասպանութեան ճանաչման շարունակական հետապնդումը, երբ արդէն ճանչցուած է, կրնայ պարզապէս կասկածի տակ դնել անոր հաւաստիութիւնը: Ատոր փոխարէն, ամերիկահայերը պէտք է հետաքրքրուին նախագահական թեկնածուներու դիրքորոշումներով՝ աւելի անմիջական հարցերու վերաբերեալ, օրինակ՝
- Աւելի շատ արտաքին օգնութեան յատկացում Հայաստանի եւ Արցախի.
- Ամերիկեան առեւտուրի խթանում Հայաստանի հետ.
- Ճնշումներ Թուրքիոյ վրայ՝ Հայաստանի շրջափակումը ջնջելու համար.
- Պահանջել, որ գրաւուած հայկական եկեղեցիները Թուրքիա վերադարձնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին.
- Դատապարտել Ատրպէյճանը՝ իր բազմաթիւ սպառնալիքներուն եւ Հայաստանի ու Արցախի վրայ յարձակումներուն համար.
- Աջակցութիւն Արցախի անկախութեան:
Ընտրուելէ ետք նախագահը կը ցանկայ բաւարարել այս պահանջներէն քանի մը հատը՝ պահպանելու համար հայ համայնքի զօրակցութիւնը իր վերընտրութեան հետագայ քարոզարշաւին ընթացքին:
Ստորեւ ներկայացուած են նախագահութեան աթոռի՝ հանրապետական վեց թեկնածուներու դիրքորոշումները հայկական հար-ցերու մասին.
Նահանգապետ Ճեպ Պուշ (Ֆլորիտա)
– 24 Դեկտեմբեր 1988ին, երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, ան իր զաւակին հետ մեկնած է Հայաստան, մարդասիրական առաքելութեամբ.
– 7 Ապրիլ 2006ին հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հռչակագիր.
– 2013ին ստացած է «Հայ ժողովուրդի բարեկամ» մրցանակը՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն:
Նահանգապետ Ճոն Քասիչ (Օհայօ)
– Ստացած է վատ վարկանիշեր (C, D եւ F) Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ՝ Ներկայացուցիչներու տան մէջ իր պաշտօնավարման տարիներու մեծ մասին ընթացքին, 1983-2001 թուականներուն.
– 1991ին ստորագրած է Արցախի անկախութեան աջակցող նամակ՝ ուղղուած նախագահ Պուշին եւ խորհրդային ղեկավար Միխայիլ Կորպաչովին.
– 2000ին համահովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը.
– 2012ին իբրեւ նահանգապետ ստորագրած է հռչակագիր՝ Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով:
Ծերակուտական Թետ Քրուզ (Թեքսաս)
– 2014ին ստացած է միջակ վարկանիշ (C) Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ.
– 2015ին հանդէս եկած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեամբ եւ համահովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:
Ծերակուտական Մարքօ Ռուպիօ (Ֆլորիտա)
– 2012 եւ 2014 թուականներուն, համապատասխանաբար ստացած է C եւ B վարկանիշեր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ.
– 2014ին կողմ քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունման, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ.
– 2015ին համահովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը.
– 2015ին ստորագրած է նախագահ Օպամային յղուած նամակ՝ կոչ ընելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Վիրաբոյժ Պէն Քարսըն (Միշիկըն). հայկական հարցերու մասին յայտարարութիւններ չունի:
Գործարար Տանըլտ Թրամփ (Նիւ Եորք). հայկական հարցերու մասին յայտարարութիւններ չունի:
Ստորեւ ներկայացուած են նախագահական աթոռի դեմոկրատական երկու թեկնածուներու դիրքորոշումները հայկական հարցերու մասին.
Արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն (Նիւ Եորք)
– Իբրեւ ծերակուտական ստորագրած է նախագահ Պուշի ուղղուած նամակ՝ կոչ ընելով ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը 2005 եւ 2006 թուականներուն.
– Համահովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերը՝ 2006 եւ 2007 թուականներուն.
– 2008ին՝ իբրեւ նախագահական պաշտօնի թեկնածու, խոստացած է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը.
– Դարձեալ 2008ին, Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ ունեցած է թրքական մշակութային կեդրոնի հանդիսաւոր ճաշկերոյթին, այդ օրերու Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի ներկայութեամբ.
– 2010ին, պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուելու պահուն ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առաջ, թէեւ այս արարքը Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը օրին անուանեց «սեփական» քայլ, այսուհանդերձ, ծաղկեպսակի ժապաւէնին վրայ առկայ էր հետեւեալ մակագրութիւնը. «Արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Ռոտհամ Քլինթընէն».
– 2012ին՝ իբրեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար, յիշատակած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս «պատմական բանավէճի նիւ»չ՝ հակասելով աւելի վաղ շրջանի իր ցուցաբերած յստակ դիրքորոշման, այս կարեւոր հարցին մէջ:
Ծերակուտական Պըրնի Սենտըրզ (Վըրմանթ)
– 2012 եւ 2014 թուականներուն ստացած է համապատասխանաբար A+ եւ C վարկանիշեր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ.
– 1991-2007 թուականներուն, Ներկայացուցիչներու տան մէջ իր պաշտօնավարման ընթացքին ան աջակցած է հայկական տարբեր հարցերու, ներառեալ Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերու՝ 1996, 1997 եւ 2000 թուականներուն.
– 2002, 2003 եւ 2004 թուականներուն ստորագրած է նախագահ Պուշի յղուած նամակները՝ կոչ ընելով ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը.
– 2012 թուականին իբրեւ ծերակուտական համահովանաւորած է երկու բանաձեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ հայկական եկեղեցիներու վերադարձին վերաբերեալ:
Նախնական ընտրութիւններու եւ հարցախոյզերու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ երկու կուսակցութիւններու թեկնածուներէն ոչ ոք ճնշող մեծամասնութիւն ունի ներկայիս եւ հաւանաբար չունենայ նաեւ Նոյեմբերի ընտրութիւններուն, ինչ որ պիտի մղէ թեկնածուները աւելի զիջողական ըլլալու բոլոր ընտրողներուն, այդ շարքին նաեւ ամերիկահայերուն նկատմամբ:
Այս պայմաններուն մէջ, ամերիկահայ համայնքին առաջարկս է՝ զերծ մնալ ոեւէ թեկնածուի կանուխէն աջակցելէ: Թեկնածուներէն մէկուն զօրակցելու որոշումը կարելի է կայացնել աւելի ուշ, քանի որ նախագահական ընտրապայքարը հետզհետէ կը սկսի աւելի բուռն դառնալու, ուրեմն եւ թեկնածուները աւելի խստօրէն կարիքը կ՛ունենան մեր քուէներուն…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ