
ՖՐԵԶՆՕ.- «Վարդանանց Ասպետներ»ու Ֆրեզնոյի «Եփրատ» սրահէն կը տեղեկացնեն, թէ այս տարի տեղի պիտի ունենայ «Վարդանանց Ասպետներ»ու եւ «Վարդանի Դուստրեր»ու «Տարուան Անձնաւորութիւնները» խորագրուած անդրանիկ ձեռնարկը, որ այսուհետեւ պիտի կայանայ տարեկան հերթականութեամբ։
Այս տարուան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժամը 6։30էն սկսեալ, Ֆրեզնոյի «Փարտինիզ» սրահին մէջ (2257 W. Shaw Ave., Fresno, CA 93711), իսկ անոր ընթացքին պիտի մեծարուին Ռիչըրտ Յակոբեան եւ դոկտ. Սերճիօ Լա Փորթա։
Ուտի վարպետ Ռիչըրտ Յակոբեան պիտի մեծարուի արուեստի եւ երաժշտութեան ճամբով հայ մշակոյթը հարստացնելուն համար, իսկ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրի դասախօսներէն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Ֆրեզնոյի յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Սերճիօ Լա Փորթա՝ հայագիտութեան մարզին իր բերած յատկանշական ներդրումներուն համար։

Գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին Քեւըն Մելմի եւ «Տի.Ճէյ.» Տիգօ Չեքեան։
Կը խնդրուի տեղեր ապահովել մինչեւ Մարտ 30։ Ձեռնարկի հասոյթը պիտի տրամադրուի «Վարդանանց Ասպետներ»ու եւ «Վարդանի Դուստրեր»ու բարեսիրական գործունէութեան։
Մասնակցութեան սակը 60 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (559) 438-4646 թիւին։