ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ կայացած վերջին հանդիպումը շաբաթավերջին շարունակեց մելան հոսեցնել մամուլին մէջ։ Թուրքիոյ պետական շրջանակները եւ Էրտողանի կողմնակից մամուլը այս հանդիպումը նկատած էին Ամերիկա այցելութեան կարեւոր յաջողութիւններէն մէկը, քանի որ անկէ առաջ ընդդիմադիրները շարունակ կը պնդէին, որ Օպամա պիտի չուզէ հանդիպում ունենալ Էրտողանի հետ։
Սակայն, Ապրիլ 3ին ստուեր ինկաւ այդ հանդիպման լուրերուն վրայ։ Ուաշինկթընէն ցուրտ հով մը փչեց, երբ ամերիկեան մամուլին մէջ Օպամա յայտնեց, թէ Էրտողանի հետ հանդիպման ընթացքին ազդարարած էր Էրտողանը զինք անհանգստացնող կարգ մը վերապահութիւններու մասին, որոնց շարքին է մամլոյ ազատութեան հարցը։
Օպամա շատ զգոյշ լեզուով մը ամերիկացի լրագրողներու հարցումներուն պատասխանեց, երբ անոնք կը հարցնէին այս հանդիպման մասին։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս Օպամա յիշեցուց, որ Թուրքիա Ամերիկայի կարեւոր մէկ դաշնակիցն է։ «Այն օրէն ի վեր, երբ ան իշխանութեան գլուխ եկաւ, Էրտողանի հետ բազմաթիւ գործակցութիւններ եւ յարաբերութիւններ ունինք, բայց ես իրեն յայտնեցի նաեւ իմ կարգ մը վերապահութիւններս, որովհետեւ գաղտնիք չէ, թէ Թուրքիա զիս անհանգստացնող կարգ մը շարժումներ կը կատարէ։ Ես մէկն եմ, որ կը հաւատայ ժողովրդավարութեան ու մամլոյ ազատութեան։ Կասկած չկայ, որ Էրտողանն ալ ժողովրդավար միջոցներով ընտրուած ղեկավար մըն է։ Բայց կը հաւատամ, որ մամլոյ նկատմամբ անոր որդեգրած քաղաքականութիւնը կրնայ Թուրքիան տանիլ դէպի մեզ շատ անհանգստացնող իրավիճակ։ Ես ասիկա Էրտողանի՛ն ալ ըսի», յայտնեց Օպամա ամերիկացի լրագրողներուն։
Նախագահ Էրտողան, իր կարգին, այս մասին հարցումներու պատասխանեց՝ ըսելով, որ ցաւ զգացած է, երբ լսած է Օպամայի արտասանած այս խօսքերը։
«Բայց ես ձեզի ըսեմ, որ մեծայարգ Օպամայի հետ մեր հանդիպման ընթացքին այսպիսի նիւթի մասին չխօսուեցա՛ւ։ Մենք ասկէ առաջ քանիցս համակարծիք եղած ենք, որ նմանօրինակ նիւթերու մասին իրարու հետ ուղղակի խօսիլը աւելի՛ ճիշդ է, քան՝ մամուլի միջնորդութեամբ խօսիլը», ըսաւ Էրտողան՝ յստակ կերպով մերժելով Օպամայի պնդումը։
Նախագահ Էրտողան, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս շատ տոկուն դիմադրութիւն ցոյց տուաւ արտասահմանի մէջ իրեն դէմ եղած ժխտական հրատարակութիւններուն եւ ցոյցերուն։ Միւս կողմէ, Գերմանիոյ ազդու «Շփիկել» թերթը Էրտողանի դէմ խօսեցաւ՝ իր կողքին վրայ տպելով Էրտողանի ծաղրանկարը ու զայն ներկայացնելով որպէս «վախազդու բարեկամ մը»։ Ծաղրանկարին մէջ Էրտողան, որուն կողքին մխուած է «մամուլ» գրութեամբ թուղթէ սաւառնակ մը, բարկութեամբ կը պոռայ։ Թերթը կը գրէ, թէ անոնք, որոնք լա՛ւ կը ճանչնան Էրտողանը, պէտք է վախնան Եւրոպայի համար։
Այնուամենայնիւ, այս ծաղրանկարը միակը չէ՛ր։ Օտար մամուլի մէջ բազմաթիւ հրատարակութիւններ վերապահութեամբ կը խօսէին Էրտողանի մասին։