ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն իր «Թուիթըր»ի անձնական էջին վրայ գրած է, թէ ինք զրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հետ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը կարգաւորելու կոչ ըրած է անոնց:
«Ես նախագահներ Ալիեւին եւ Սարգսեանին ըսի, թէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը ծայրաստիճան կարեւոր է իրենց երկիրներու կայունութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման համար», գրած է ԱՄՆ փոխնախագահը: