ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերգէյ Լաւրով եւ Ճան Քերի հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը: Այս մասին հաղորդած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
«Արտաքին գործոց քաղաքական նախարարները լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան լարուածութեան առնչութեամբ՝ վերահաստատելով ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման կոչերը: Համաձայնութիւն կայացած է աշխուժացնելու Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ջանքերը՝ ղարաբաղեան տագնապի լուծման նպաստելու առումով:
Լաւրով ու Քերրի դատապարտած են Ղարաբաղի շուրջ առճակատումը հրաւիրելու առանձին «արտաքին խաղացողներուն փորձերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հեռաձայնային զրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ: