ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի վերջին արտայայտութիւնը կը շարունակէ զբաղեցնել քաղաքական շրջանակները։ Բողոքները կը շարունակուին Քըլըճտարօղլուի դէմ, որ պնդած էր, թէ կարելի չէ նախագահական դրութիւն հաստատել՝ առանց արիւն թափելու։ Պետական հարուածի եւ ապստամբութեան գրգռութիւն կը նկատուի այս խօսքը։
Նախագահ Էրտողան եւս միացաւ անոնց, որոնք կը պախարակեն Քըլըճտարօղլուն։ Արդարեւ, համագումարի մը ընթացքին, Էրտողան իր ճառախօսութեան գլխաւոր նիւթերէն մէկը դարձուց Քըլըճտարօղլուի պարագան։ Բայց անկէ առաջ, Էրտողան կծու քննադատութեան ու արհամարհանքի նիւթ դարձուց նաեւ Եւրոմիութիւնը։
«Մեր տեսակէտէն՝ որեւէ խնդիր չկայ, եթէ Եւրոմիութիւնը, փոխանակ իրեն խօսակից ընդունելու Թուրքիոյ պետութիւնը՝ խօսակից ընտրէ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը եւ ինքզինք այսքա՛ն կը պզտիկցնէ։ Մեզի համար խնդիր չկայ, որովհետեւ այդ պարագային, մենք Եւրոմիութեան կը նայինք ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս կը նայինք ահաբեկչական կազմակերպութեան», ըսաւ Էրտողան։
Ապա, Էրտողան անդրադարձաւ Քըլըճտարօղլուի խօսքին ու ըսաւ. «Ոեւէ քաղաքագէտ, որ կը պնդէ, թէ կարելի չէ նախագահական դրութիւն հաստատել առանց արիւն թափելու, դաւաճանած կ՛ըլլայ ժողովուրդի կամքին, ինչպէս նաեւ՝ խորհրդարանին։ Անոնք, որոնք արեան առեւտուրի կը պատրաստուին, թող չյուսադրուին։ Մենք միա՛յն Կարմիր Մահիկին արիւն կու տանք»։
Անգարայի դատախազութիւնը, իբրեւ մեկնակէտ ընդունելով մամլոյ մէջ հրատարակուած լուրերը՝ արդէն իսկ հետաքննութիւն բացած է Քըլըճտարօղլուի դէմ։
Նշենք, որ Քըլըճտարօղլուի խնդրայարոյց խօսքերը ուղղակի թիրախ ունէին Էրտողանը։ Ան ըսած էր. «Մէկ հոգի պիտի խօսի, ամբողջ Թուրքիան պիտի լռէ։ Մէկ հոգի պիտի խօսի, դատաւորը անոր համաձայն վճիռ պիտի արձակէ։ Մէկ հոգի պիտի խօսի եւ իր ուզած անձը բանտ պիտի ղրկէ։ Այսպիսի նախագահական դրութիւն մը Թուրքիոյ մէջ կարելի չէ՛ հիմնել առանց արիւնահեղութեան»։