ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը Ուրբաթ, Մայիս 13ին յայտարարեց, թէ իր զինուորական հրամանատարը՝ Մուսթաֆա Պետրըտտին, ուժգին պայթումի մը զոհ գացած է Դամասկոսի օդակայանին մօտերը։
Մինչ «Հըզպալլա» յայտարարեց, թէ տակաւին հետախուզութիւնները կը շարունակուին՝ բացայայտելու համար ահաբեկչական արարքի պատասխանատուները, Լիբանանի խոր-հրդարանին մէջ «Հըզպալլա»ի երեսփոխաններէն Նաուար Սահելի, ինչպէս նաեւ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը կը պնդեն, թէ արարքի պատասխանատուն Իսրայէլն է, որ 2011էն ի վեր, քանի մը առիթներով ռմբակոծած է Սուրիայէն ներս թիրախներ։
55ամեայ հրամանատարը, որ ըստ ամերիկեան տուեալներու՝ Սուրիոյ մէջ «Հըզպալլա»ի ռազմական գործողութիւններու պատասխանատուն էր, փեսան էր «Հըզպալլա»ի զինուորական նախորդ հրամանատարին՝ Իմատ Մուղնիէին, որ 2008ին ահաբեկուեցաւ դարձեալ Դամասկոսի մէջ։ Այդ ահաբեկչութիւնը եւս վերագրուած էր Իսրայէլի։