ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը յիշատակելի օրեր ապրեցաւ Ապրիլ 30էն Մայիս 1 շաբաթավերջին՝ տօնելով եկեղեցւոյ օծման Գ. տարեդարձը եւ վերանորոգելով քրիստոնէական հաւատքի ու նուիրեալ ծառայութեան յանձնառութեան ուխտը:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, Մայիս 1ին Ս. պատարագ մատուցեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, կատարեց եկեղեցւոյ շրջափակի պատին քանդակուած «Նուռի Ծառ»ի օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայ եղաւ ծխական յանձնախումբին կազմակերպած սիրոյ ճաշին:
Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասապեան եւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեան: Ներկայ էին Հայ Աւետարանական եւ Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանը, Ազգ. վարչութեան անդամ Անդրանիկ Գասպարեան եւ կինը՝ Սօսի, Ազգ. առաջնորդարանի բարերարներէն՝ տէր եւ տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեաններ, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի, ՀՕՄի «Շուշի» եւ ՀՄԸՄի «Արցախ» մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ Լաս Վեկասի մէջ գործող այլ միաւորներու ներկայացուցիչները:
Իր պատգամին մէջ, սրբազանը ողջունելէ ետք ներկայացուցչական դէմքերուն եւ հաւատացեալներուն ներկայութիւնը՝ գոհունակութիւն յայտնեց, որ եկեղեցւոյ օծման Գ. տարեդարձը կը նշուի մասնակցութեամբ գաղութի բոլոր միաւորներուն, որոնց ճիգերուն, հաւատքին, յոյսին եւ սիրոյն միացումի արդիւնքն էին այս եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնն ու տարուէ տարի բարգաւաճումը: Ան օրհնեց յիշատակը եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Լերի Պարնզի եւ անոր կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, որոնց նիւթական ու բարոյական նուիրաբերումն ու ծառայութիւնները յիշատակելի էջեր արձանագրած են թէ՛ եկեղեցւոյ, թէ՛ գաղութի պատմութեան մէջ: Ան շեշտեց, որ այս տօնախմբութիւնը տեղի կ՛ունենայ Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող շաբաթներու մթնոլորտին մէջ, իսկ շաբաթ մը առաջ, հայութիւնը ապրած է Ցեղասպանութեան 101ամեակիի վերանորոգ պահը՝ հաստատելով «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» յանձնառութիւնը:
Խօսելով օրուան Աւետարանի ընթերցումէն բխող պատգամին մասին՝ առաջնորդը նշեց, որ ի ծնէ կոյրին բժշկութեան հրաշքով Քրիստոս ոչ միայն Իր աստուածային զօրութիւնը անգամ մը եւս յայտնեց, այլեւ գործնական վկայութիւն տուաւ աշխարհի լոյսը եւ բարի ու ճշմարիտ հովիւը ըլլալուն իրողութեան։ «Ան աշխարհ եկաւ իբրեւ լոյս, որպէսզի մեր կեանքերը կենսաւորուին Իրմով, եկաւ որոնելու հոգեւոր կուրութեան մատնուածները: Անոր կեանքի ու լոյսի պարգեւները իբրեւ շնորհք կը տրուին բոլորին, սակայն իւրաքանչիւր անհատի պարտականութիւնն է ընդունիլ այդ պարգեւը եւ քալել լուսոյ ճամբէն, զԻնք հրաւիրել մեր սիրտերուն մէջ եւ մեր հոգեկան ականջները բանալու Իրեն», ըսաւ առաջնորդը եւ հաստատեց, որ այս եկեղեցւոյ հաստատման ու կառուցման երթը եւս առաջնորդուեցաւ նոյն լոյսով, «ու վստահաբար, նոյն ոգիով եւ առանց թուլանալու պիտի շարունակուի ծառայութիւնը, որպէսզի խաւարը ընդմիշտ փարատի»:
Սրբազանը նաեւ նշեց, որ հայութիւնը շաբաթ մը առաջ յիշատակեց Ցեղասպանութեան 101ամ-եակը։ «1.5 միլիոն հայորդիներ իրենց ֆիզիքական կեանքերը կորսնցուցին, սակայն Տիրոջմով շահեցան յաւիտենական կեանք, եւ այժմ, մեր սրբադասեալ նահատակները բարեխօս են մեզի համար», ըսաւ ան։ Ապա խօսելով Ապրիլի առաջին օրերուն, Արցախի վրայ ատրպէյճանական ծանօթ յարձակումներուն ու անոնց դառն հետեւանքներուն մասին՝ առաջնորդը անդրադարձաւ Արցախի կողքին միակամօրէն կանգնելու հայութեան կեցուածքին եւ կոչ ուղղեց, որ Լաս Վեկասի հայութիւնը եւս գործնապէս զօրակցի Արցախին՝ ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղղած հանգանակութեան հրաւէրին: «Վեհափառ հայրապետը 2016ը հռչակած է «Ծառայութեան Տարի». եկէ՛ք, այս ոգիով ընդառաջենք հայրապետական պատգամին, վերանորոգ հաւատքով ու կենսունակութեամբ ծառայենք Տիրոջ, մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու հայրենիքին», եզրափակեց սրբազանը:
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ «ՆՈՒՌԻ ԾԱՌԻ» ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ Լերի եւ Սեդա Պարնզի ու եկեղեցւոյ բոլոր ննջեցեալ բարերարներուն ու նուիրեալ ծառայողներուն յիշատակին:
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներուն եւ ՀՄԸՄի սկաուտներուն կողմէ առաջնորդուած թափօրով, առաջնորդը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ բակը, ուր կատարեց պատին քանդակուած «Նուռի Ծառ»ի օրհնութիւնը. ծխական յանձնախումբը այս նախաձեռնութեան դիմած էր, նշելու համար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծման երրորդ տարեդարձը, իբրեւ խորհրդանշան յոյսի եւ կեանքի: Ներկայ էին ծառին հովանաւորները՝ տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Արլին Սարգոյեաններ: Արարողութենէն ետք, Լաս Վեկասի Հայկական պարի դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին քանի մը պարեր: Նաեւ հնչեցին «Կիլիկիա»ն եւ Հայաստանի քայլերգը:
Արարողութենէն ետք, ծխական յանձնախումբը առաջնորդն ու ներկաները պատուեց «Գուճաքեան» սրահին մէջ կայացած ճաշի հիւրասիրութեամբ, որ կազմակերպուած էր Տիկնանց միութեան կողմէ, հիւրընկալութեամբ Արփի Գութնուեանի: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քահանայ արտասանեց ողջոյնի խօսք. ան շնորհակալութիւն յայտնեց սր-բազանին, այս տարեդարձին առիթով ծխական համայնքը պատուելուն համար, ու մաղթեց, որ ընդ երկար շարունակէ իր առաքելութիւնը:
Եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբը նաեւ յուշանուէրով մը պատուեց եկեղեցւոյ քարտուղարուհին՝ Ռիթա Հաւանճեանը, անոր տասնամեայ ծառայութեան համար:
Լաս Վեկասի Հայ-Ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան անունով խօսք առաւ Ատրուշան Արմէնեան եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ քաղաքի «Սանսե»չ հանրային պարտէզին մէջ Ցեղասպանութեան յուշարձանի կանգնեցման աշխատանքներուն. ծանօթ է, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կանգնեցուած այս յուշարձանին բացումը կատարուած էր անցեալ Նոյեմբերին: Արմէնեան հրաւիրեց նոյն ընկերակցութեան նախագահ Լեւոն Կիւլպէնկեանը, որպէսզի յուշանուէրներ յանձնէ այս ծրագիրի իրականացման մասնակցած ու զօրակցած անհատներու եւ կազմակերպութեանց: Արդարեւ, յուշանուէրներ յանձնուեցան առաջնորդին, ՀՅԴի, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ այլ միաւորներու ներկայացուցիչներուն եւ նուիրեալ անհատներու, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն: Յուշանուէրները մանրակերտն էին կանգնեցուած յուշարձանին:
Սրբազանը այս առիթով անգամ մը եւս շնորհաւորեց ծխական համայնքը, գնահատեց անոր նուիրումով ծառայողները եւ նշեց, որ վեհափառին կողմէ 2016ը «Ծառայութեան Տարի» հռչակումը ազնիւ հրաւէր է բոլորին, որպէսզի նուիրաբերումի ուղին ընդարձակուի:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ ա-ռաջնորդ սրբազանին «Պահպանի»չով:
Նշենք նաեւ, որ առաջնորդը Շաբաթ, Ապրիլ 30ի երեկոյեան ներկայ եղած էր տէր եւ տիկին Ճերի եւ Սալբի Կիւտէրեաններու բնակարանին մէջ հիւրընկալութեան մը, որ կազմակերպուած էր իբրեւ զօրակցական արտայայտութիւն՝ Տենի Թարխանեանի ընտրապայքարին: Առաջնորդը ընթացքին արտասանեց գնահատանքի իր խօսքը ու յաջողութիւն մաղթեց թեկնածուին: Ան յուշանուէրներ յանձնեց Տենի Թարխանեանին եւ հիւրընկալ ամոլին: