ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Գերմանիոյ խորհրդարանի Յունիս 2ի նիստին ընթացքին քննարկման պիտի դրուի «1915-1916ին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը. Գերմանիան պարտաւոր է աջակցիլ վերագնահատման եւ հաշտեցման» վերնագիրով բանաձեւը, որ ներկայացուած է ձախակողմեան եւ շարք մը այլ պատգամաւորներու կողմէ:
Բանաձեւին մէջ կը նախատեսուի անհերքելիօրէն ընդունիլ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան ու հայ ազգաբնակչութեան բռնի տեղահանման փաստերը, եւ ճանչնալ երիտթուրքերուն կողմէ համակարգուած կերպով հայ ազգաբնակչութեան ծրագրաւորուած եւ կազմակերպուած բնաջնջումը՝ որպէս ցեղասպանութիւն, ըստ ՄԱԿի կողմէ 1948ին վաւերացուած ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման համաձայնագիրին։
Բանաձեւին մէջ առանձնապէս կը շեշտուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Գերմանիոյ կայսրութեան դերակատարութեան ճանաչումը, եւ նման պահանջ կը ներկայացուի նաեւ Գերմանիոյ կառավարութեան:
«Գերմանիոյ խորհրդարանը ներողութիւն կը հայցէ հայուհիներէն եւ հայերէն՝ Ցեղասպանութեան օժանդակելու Գերմանիոյ կայսրութեան կեցուածքին համար», կ՛ըսուի բանաձեւին մէջ:
Օրինագիծը նաեւ շարք մը գործնական քայլեր կը նախատեսէ եւ ցուցմունքներ կու տայ Գերմանիոյ կառավարութեան՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման, գերմանական դասագիրքերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկատուութեան ներառման եւ որոշ մշակութային ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութեամբ:
Շատ ալ լաւատես չեմ տրուած ըլլալով որ Մերքել տակաւին իշխանութեան գլուխն է: